ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը Երեքշաբթի, Յունիս 8ին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ եւ Իրանի ռազմական օդանաւերը Երկուշաբթի օր ռմբակոծած են հիւսիսային Իրաքի մէջ տեղակայուած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դիրքերը։
Իրանեան օդանաւերը խզելով Իրաքի սահմանը՝ վեց ժամ շարունակ ռմբակոծած են քրտական կուսակցութեան իրանեան թեւը հանդիսացող Քրտական Ազատ կեանք կուսակցութեան դիրքերը։ Նոյն միջոցին, Իրանի ցամաքային ուժերու ստորաբաժանումները ռմբակոծած են քրտական դիրքեր։
Նոյն օրը, թրքական վեց ռազմական օդանաւեր ռմբակոծած են հիւսիսային Իրաքի Սիտեքան շրջանը տեղակայուած քրտական դիրքերը։
Զոհերու մասին տեղեկութիւններ չեն հրապարակուած, սակայն կը հաղորդուի, թէ ռմբակոծումներուն հետեւանքով վնասներ կրած են շրջանը գտնուող շարք մը քրտա-բնակ գիւղեր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.