ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Փանորամա».- Մեկնաբանելով Իսրայէլի ձեռամբ Պաղեստինի ժողովուրդին ոտնահարուող իրաւունքներուն վերաբերեալ Ատրպէյճանի կողմէ հնչող յայտարարութիւնները՝ ԼՂՀ նախագահի Հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան յայտնած է, թէ «Ատրպէյճանի քարոզչամեքենան այնքա՛ն է իր քարոզչութեամբ տարւում, որ նոյնիսկ հասարակ տրամաբանութիւնն է ուրանում»:
«Ինչպէս կարելի է խօսել Պաղեստինի ժողովրդի իրաւունքների մասին կամ մեղադրել Իսրայէլի իշխանութիւններին, եթէ նոյնը ի՛նքն է կատարել եւ կատարում է Արցախի ժողովրդի նկատմամբ: Դա ուղղակի անհեթեթ է», յայտնած է արցախցի պաշտօնեան եւ նշած, որ Ատրպէյճանի մէջ վերջին օրերուն բարձրացած է Իսրայէլի դէմ բողոքի հսկայական ալիք, որուն ընթացքին անոնք այրած են Իսրայէլի եւ Հայաստանի դրօշները:
Դ. Բաբայեանի համոզումով, ատիկա կը նշանակէ, որ այդ երկրին մէջ ծայրայեղականութիւնը վտանգաւոր եւ անցանկալի մակարդակի կը հասնի, իսկ մոլեռանդութիւնը մեծ խոչընդոտ է ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման համար:
«Նման յայտարարութիւնները պէտք է լուրջ ուշադրութեան արժանանան միջազգային հանրութեան կողմից, որովհետեւ նման գործընկեր ունենալը, չեմ կարծում, թէ վստահելի հիմքեր է ստեղծում ապագայում գործընկերութիւնը խորացնելու համար», հաստատած է Դ. Բաբայեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.