ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Աւելի քան 3500 հոգի իր մասնակցութիւնը բերաւ Շաբաթ, Մայիս 22ին, Մոնթեպելլոյի մէջ կայացած հայկական տարեկան երրորդ փառատօնին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, վայելելով հայկական ճաշեր, երաժշտութիւն եւ ընդանրապէս հաճելի պահեր:
Թմբուկներու կշռոյթը եւ խորովածի բուրմունքը տիրապետող էին՝ իրենց մօտ քաշելով Լոս Անճելըսի տարբեր շրջաններէ եւ մինչեւ իսկ Օրենճ Քաունթիէն ու Սան Ֆերնանտօ հովիտէն հայորդիներ:
Շարք մը այլ հովանաւորներու եւ կամաւորներու կողքին, գլխաւոր հովանաւորողները՝ տէր եւ տիկին Ճօ եւ Նուէր Սամուէլեաններն ու ընտանիքը, Ազգային կենսոլորտային սպասարկութիւններ ընկերութենէն, արատաձեռն նուիրատուութեամբ նպաստեցին փառատօնին յաջողութեան:
Ներկաները վայելեցին Հօշարեան եղբայրներու նուագախումբը եւ աշխարահռչակ ուտ նուագող Ճան Պիլեզիքճեանի մեղեդիները, ինչպէս նաեւ երեխաներու երգերու մեկնաբան Մակիին ու «Ալեքս» պարի վարժարանի աշակերտներուն կատարումները:
Փառատօնին ընթացքին Մարօ Դարբինեանի ու Սիւզան Բաբուճեանի պատրաստած լաւաշը եւս մեծ հռչակ շահեցաւ, սակայն նոյնքան համեղ էին Մոնթեպելլոյի «Զանքու»էն Վարդգէս Մարյիքի, Զապէլ Իքնատոսեանի ու Մանիկ Աճեմեանի պատրաստած ճաշերը:
Սուր մրցակցութենէ ետք, նարտիի մրցաշարէն յաղթական դուրս եկաւ Սթէն Սարգիսեանը, իսկ փառատօնի վիճակահանութիւնը շահողը ստացաւ 2500 տոլար նուէր մը:
Տեղի ունեցան նաեւ հայկական պարի դասեր եւ հայկական ճաշերու պատրաստութեան ցուցադրութիւն, իսկ երեխաները հաճելի պահեր անցուցին իրենց համար պատրաստուած խաղավայրին մէջ:
Տեղի ունեցան նաեւ հայկական մշակոյթին նուիրուած ներկայացումներ՝ գործակցութեամբ Արարատ տան «Էշքիճեան» թանգարանէն Մակի Մանկասարեան-Կոշչինի եւ ցուցադրուեցան նաեւ Մոնթեպելլոյի համայնքի պատմութենէն լուսանկարներ եւ վաւերագրական շարժապատկեր մը:
Նաեւ, փրոֆ. Քերըլ Քիրլի մակագրեց իր բանաստեղծութեան հատորը՝ «The Armenian Watchmaker»ը եւ ընթերցումներ կատարեց անկէ:
Յաջորդ տարուան փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24ին: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար կամ մասնակցութեան կարելիութիւններուն ծանօթանալու, այցելել համացանցային
www.armenianfoodfair.com կայքը կամ հեռաձայնել (323) 727-11133 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.