ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը Մայիս 25ին հանդիպում մը ունեցած է Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի խօսնակին՝ Ճան Փերեզի հետ, քննելով ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր:
Փերեզ խոստացած է գործակցիլ ամերիկահայ համայնքին հետ, շեշտելով, թէ ինք նեցուկ կը կանգնի Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն: Ան նաեւ յայտնած է, թէ հայութիւնը պէտք է աւելի գործօն մասնակցութիւն բերէ քաղաքական կեանքին:
Քալիֆորնիոյ 46րդ ընտրատարածքը ներկայացնող եւ առաջին անգամ 2008ին խորհրդարանի անդամ ընտրուած Փերեզ Յունուարին խօսնակ ընտրուեցաւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.