ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկին մէջ, Մայիս 27ին տեղի ունեցաւ «Հայաստանի 12 մայրաքաղաքները» գիրքին շնորհահանդէսը:
Ըստ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Պաւէլ Աւետիսեանի, գիրքը շարունակութիւնն է Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարուան ծիրէն ներս կազմակերպուած ցուցադրութեան։ Ըստ անոր, ընթերցողներու դատին ներկայացուած գիրքը քանի մը առումներով շատ կարեւոր է: «Առաջինն այն է, որ ֆրանսերէնով շատ հանրամատչելի ներկայացւում են հայոց մայրաքաղաքները եւ խոշորագոյն կենտրոնները: Սա կարեւոր է այն առումով, որպէսզի մեր պատմամշակութային ժառանգութեան երեւելի գոհարները կարողանանք հանրահռչակել աշխարհով մէկ», ըսաւ Պաւէլ Աւետիսեան, որուն համաձայն, յաջորդ կարեւոր հանգամանքը այն է, որ որեւէ երկրի մը մայրաքաղաքին պատմութիւնը կ՛ամփոփէ նաեւ այդ երկրին պատմութիւնը: «Իսկ երրորդ ամենակարեւոր ձեռքբերումն այն է, որ արտերկրի հայագէտները եւ Հայաստանի հայագէտները միասին կարողացան մի հրաշալի գիրք հրատարակել, այսինքն՝ գիրքը միասնական աշխատանքի արդիւնք է», ըսաւ ան:
Գիրքի խմբագիր, պատմաբան, հնագէտ Արմէն (Գլօտ) Մութաֆեանի խօսքով, Ֆրանսայի մէջ յայտարարուած Հայաստանի տարին յատկանշուած է շատ ցուցահանդէսներով եւ բազմապիսի տօնակատարութիւններով: Բացուած է նաեւ ցուցահանդէս մը, որ կը կրէր «Հայոց 12 մայրաքաղաքները» խորագիրը, ինչ որ նշեալ գիրքը կազմելու շարժառիթ հանդիսացած է:
«Գիրքը պատմում է ոչ միայն 12 մայրաքաղաքների մասին, այլեւ՝ նրանց յարակից քաղաքների: Այն զուտ գիտական չէ: Նախատեսուած է հասարակութեան լայն շերտերի համար, սակայն սա չի նշանակում, որ ներկայացուած փաստերը գիտական ճշտութիւն չունեն», նշած է Արմէն Մութաֆեան, որուն համաձայն, գիրքին մէջ ներկայացուած են շուրջ 400 լուսանկարներ, մանրանկարներ, բնութեան տեսարաններ եւ փաստաթուղթեր:
Նշենք, որ գիրքը նուիրուած է Արամ Քալանթարեանի յիշատակին, որ իր մասնակցութիւնը ունեցած է գիրքի կազմութեան գործին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.