ՊՈԼԻՍ.- Հրանդ Տինքի անուան միջազգային հիմնարկի հովանաւորութեամբ, Յունիս 12-13ին, «Մշակութային յարաբերութիւններ Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ մէջ» խորագիրով միջազգային գիտաժողով մը տեղի պիտի ունենայ Պոլսոյ «Պիլկի» համալսարանին մէջ, որուն պիտի մասնակցին Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Եւրոպայէն մասնագէտներ:
Գիտաժողովի ընթացքին շեշտը պիտի դրուի Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ մշակութային կեանքին մէջ հայկական ներդրումներուն վրայ:
Մասնակիցներուն մէջ կան Պօղոս Լեւոն Զէքեան, Գէորգ Պարտաքճեան, Էմմա Պետրոսեան, Աֆիքէ Պաթուր, Նանօր Քեպրանեան, Մարք Նշանեան, Էօզքան Ալփեր, Սեւան Նշանեան, Օսման Քէօքեր, Ֆաթիհ Ուսլու եւ Ռէյչըլ Կօշկարեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.