ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Բռնանալ ամբողջ ազգի մը դէմ, անոր ինքնորոշման իրաւունքը ոտնակոխել, զաւթել անոր հողերը, զայն ստորացնելու ու ամբողջական հնազանդութեան վիճակի մատնելու համար պաշարման խեղդող օղակի մէջ առնել անոր զաւակները: Իսրայէլի կառավարութեան այս վարքագիծն է ամբողջ Միջին Արեւելքը պայթուցիկ տակառի վերածող չարիքի իսկական արմատը:
Իսրայէլի այս վարքագիծը պաղեստինցի ժողովուրդին հանդէպ կը հանդիսանայ մեր ժամանակներու ամէնէն աղաղակող յանցագործութիւններէն մէկը, որուն հանդէպ միջազգային հանրութիւնը պէտք է միաձայնութեամբ իր դատապարտող խօսքը ունենայ, իսկ միջազգային քաղաքական շրջանակները պէտք է համապատասխան պատժամիջոցներու ձեռնարկեն:
Միջազգային անաչառ քննութեան բոլոր պահանջները իրենց տեղին, «Ազատութիւն» բարեսիրական նաւախումբին վրայ իսրայէլեան բանակի յարձակումը երբեք կարելի չէ արդարացնել, ու ցեղապաշտ կառավարութիւնը իր այս տմարդի արարքին, ինչպէս նաեւ Կազայի բնակչութեան դէմ ընդհանրապէս իր ցուցաբերած յանցագործ վերաբերմունքին համար, խիստ պատասխանատուութեան պէտք է ենթարկուի:
Այս առթիւ տեղին է մէջբերել ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ Իսրայէլեան բանակի անարգ յարձակումին առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը, ուր՝ «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խստիւ կը դատապարտէ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ կատարուած ահաբեկչական յարձակումը, որ գործուած էր Պաղեստինի ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող եւ Կազայի շրջափակումը խզել նպատակադրող «Ազատութեան նաւատորմիղ»ին դէմ։
«ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կոչ կ՛ուղղէ միջազգային ընտանիքին եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններուն զօրակցելու պաղեստինցիներուն եւ անմիջապէս գործնական քայլերու դիմելու՝ վերջ տալու համար իսրայէլեան բռնարարքներուն»։