ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Շաբաթ, Մայիս 15ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, Փասատինայի «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-պարահանդէս՝ նուիրուած «Նոր Օր» շաբաթաթերթի հիմնադրութեան 88րդ տարեդարձին:
Ձեռնարկին, Ռամկավար Ազատական կուսկացութեան շրջանի ներկայացուցիչ բժիշկ Րաֆֆի Պալեանի եւ շաբաթաթերթի խմբագիր դոկտ. Մինաս Գոճայեանի կողքին, ներկայ էին Լոս Անճելըսի հայկական մամուլի ներկայացուցիչներ, թերթի հովանաւորողներ, հիւրեր եւ աւելի քան 200 բարեկամներ:
Ճաշկերոյթի բացման ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Յովիկ Եոզկաթեան, որ ապա հրաւիրեց հոգեւոր հայրեր Զաւէն Արզումանեանն ու Սարգիս Փեթոյեանը, որպէսզի միասնաբար կատարեն սեղաններու օրհնութիւնը:
Զաւէն քհնյ. Արզումանեան սրտի իր խօսքին հետ փոխանցեց նաեւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի յարատեւութեան եւ զօրակցութեան բարի մաղթանքներն ու հայրական պատգամը:
Ձեռնարկի պաշտօնական բաժնին, բժիշկ Րաֆֆի Պալեան նախ շեշտեց, թէ «Նոր Օր» շաբաթաթերթը արդէն 88 տարեկան է եւ այս առթիւ շնորհաւորեց պատասխանատուները:
««Նոր Օր»ը կը պահենք ու կը պահպանենք մասունքի նման, որովհետեւ անոր ամրապնդումը կ՛երաշխաւորէ հայ գիրի, հայ մշակոյթի եւ վերջապէս հայ ազգի գոյատեւումը»: Ան շեշտեց նաեւ, թէ այս օրերուն կենսական է «Նոր օր»ի արդիականացումը եւ ապա անդրադարձաւ անոր զանազան դժուարութիւններուն: Իր խօսքի աւարտին, ան զօրակցութեան եւ քաջալերանքի խօսքեր ուղղեց ներկաներուն, յիշեցնելով, թէ «Նոր Օր»ը «մեր միտքն է, մեր խօսքը, մեր ձայն ու պատիւն է»:
Խմբագիր Մինաս Գոճայեան, իր կարգին, իր խօսքը փոխանցելով՝ ըսաւ, թէ «Նոր Օր»ը ունի իր յատուկ դիրքը սփիւռքահայ մամուլի ընտանիքէն ներս, եւ երախտագիտութիւն յայտնեց թերթին յարատեւութեան եւ բարգաւաճման նպաստող ընկերներուն, վարչական կազմերուն եւ անձնակազմի անդամներուն: Ան յեշեց նաեւ, թէ ներկայիս շաբաթաթերթը կը դիմագրաւէ նիւթական եւ մամուլի արդիականացման հետ առնչուող զանազան մարտահրաւէրներ ու դժուարութիւններ, եւ խոստացաւ թերթի բարելաւումը ապահովել մօտ ապագային:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ շաբաթաթերթի նախկին խմբագիրներէն եւ «The Aramenian Observer»ի խմբագիր Օշին Քէշիշեանը, որ նախ արագ ակնարկով մը ներկայացուց թերթին պատմականը, յիշելով անոր հին ու նոր խմբագիրները եւ յատկապէս վաստակաշատներէն Անդրանիկ Անդրէասեանի ներդրումը թերթի բարգաւաճման գործին մէջ: «Ինծի համար, եթէ «The Aramenian Observer»ը որդեգիր զաւակ է, ապա «Նոր օր»ը հարազատ զաւակս է», եզրակացուց ան:
Յիշենք, որ երեկոն խանդավառեցին երգիչ Դաւիթ Սամուէլեան, Յովիկ Մեղրիկեան (ջութակ), «DJ Մարգար» եւ Խաչիկ Զէնեան: Տեղի ունեցան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ եւ վիճակահանութիւն: