Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Մեզմէ շատեր կը գանգատին այրուածքային ցաւէ մը, որ կեդրոնացած կ՛ըլլայ կուրծքի ստորին բաժնի կեդրոնը։ Այս բնականաբար կը պատահի երբեմն որոշ կերակուրներ ուտելէ ետք. երբ ան դառնայ մնայուն, արդար է, որ մտահոգուինք եւ դիմենք բժշկական խնամքի։
Բնական պայմաններու մէջ բերնին մէջ գտնուած սննդանիւթերը կը կլլենք եւ անոնք անցնելով կերակրափողէն-որկորէն (esophagus) կը մտնեն ստամոքս եւ ապա կ՛ուղղուին դէպի բարակ աղիքներ։ Կերակրափողը ունի երկու հիմնական նեղացումներ (constriction), առաջինը կը գտնուի անոր սկզբնաւորութեան եւ կը կոչուի վերին նեղացում, իսկ երկրորդը կը գտնուի իր վերջաւորութեան եւ կը կոչուի վարի նեղացում։ Վարի եւ կամ երկրորդ նեղացումէն ետք կը սկսի ստամոքսը։ Բնական պայմաններու մէջ սննդանիւթերը ստամոքս հասնելէ ետք, կերակրափողի վարի եւ կամ երկրորդ նեղացումը արգելք կը հանդիսանայ այդ սննդանիւթերու յետադարձ (retrograde) մուտքին դէպի կերակրափող։
Ստամոքսա-որկորային յետահոսք ըսելով՝ կը հասկնանք ստամոքսի պարունակութեան հոսքը (flow) հակառակ ուղղութեամբ՝ դէպի կերակրափող. այս հոսքը կազմուած կ՛ըլլայ կլլուած սննդանիւթերէ եւ ստամոքսային հեղուկներէ, մասնաւորապէս՝ ստամոքսի արտադրած թթուէն, որ կը յառաջացնէ տեղայնական այրուածք եւ ցաւ։
Ստամոքսա-որկորային յետահոսքը կը յառաջանայ հիմնականօրէն կերակրափողի վարի նեղացումի անբնական գործելակերպով, որ կը պատահի զանազան հիւանդագին պատճառներով.
1. Կերակրափողի վարի նեղացումին թուլացում (relaxation)։
2. Ստամոքսային խոց (ulcer)։
3. Ստամոքսային քաղցկեղ։
4. Սոնքութիւն (obesity) եւ արտառոց գիրութիւն, որոնք ճնշում կը բանեցնեն ստամոքսին եւ ստոծանիին վրայ, եւ այս ճնշումով կերակրափողի վարի նեղացումը կը բացուի եւ ստամոքսային յետահոսք կը պատահի։
5. Յղութեան որովայնային ճնշում, որ դարձեալ կը ճնշէ եւ կը բանայ վարի նեղացումը։
6. Progesteron ներազդակի (hormon) բարձրացում, որ կը պատահի յղի կիներու մօտ. այս ներազդակը կը թուլցնէ կերակրափողի վարի նեղացումը։
7. Ալքոլի, ծխախոտի եւ քաֆէինի չափազանց գործածութիւն. ասոնք կը ներգործեն կերակրափողի վարի նեղացումին վրայ եւ կը թուլցնեն զայն։
8. Ճարպով հարուստ սննդանիւթերու սպառում. այս սննդանիւթերու մարսողութիւնը ստամոքսին կողմէ կ՛ուշանայ եւ բնականէն աւելի ստամոքսային թթու կ՛արտադրուի ստամոքսին մէջ, որ ճնշումով կ՛ուղղուի դէպի կերակրափող։
9. Ուտելէ ետք անմիջապէս պառկիլ. այս պարագային ստամոքսը լեցուն վիճակով կը ճնշէ ստոծանիին եւ կերակրափողին վարի նեղացումի վրայ եւ կը բանայ այս նեղացումը։
10. Զօրաւոր համեմներով կերակուրներու սպառում։
11. Կարգ մը սննդանիւթեր՝ սխտոր, սոխ, լոլիկի մածուկ (paste)։
12. Կարգ մը զովացուցիչ կազային հեղուկներ։
13. Նեղ հագուստներու գործածութիւն։
Ստամոքսա-որկորային յետահոսքին պատճառով կերակրափողի ներքնապատը կը գրգռուի եւ տեղի կ՛ունենայ բջիջային անբնական փոփոխութիւններ եւ որկրաբորբ (esophagitis)։
Երկարատեւ ստամոքսա-որկորային յետահոսքը, անկախ իր յառաջացուցած այրուածքէն եւ ցաւէն, կրնայ յառաջացնել կերակրափողի տեղայնական բորբոքումներ եւ նոյնիսկ քաղցկեղ։
Ստամոքսա-որկորային յետահոսքի ախտաճանաչումը կը կատարուի որկորադիտակով (esophagoscopy), ստամոքսադիտակով (gastroscopy) եւ այլ տեսակի մասնագիտական քննութիւններով։
Անոր դարմանումը կ՛ըլլայ դեղերով, նախազգուշական միջոցառումներով, հեռու մնալով նախապէս յիշուած ախտապատճառներէն, եւ՝ վիրաբուժական գործողութեամբ: