ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 21ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական բաժանմունքին հիւրն էր՝ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին «Children of Armenia: A Forgotten Genocide and the Century Long Struggle For Justice» հատորին հեղինակ Մայքըլ Պոպէլեան, որ ներկայացուց Ցեղասպանութեան ճանաչման նպատակով Միացեալ Նահանգներու մէջ տարուած աշխատանքներուն մասին:
«Քոլոմպիա» համալսարանէն լրագրութեան մարզին մէջ Մագիստրոսի տիտղոսին տիրանալէն ետք, Պոպէլեանի յօդուածները լոյս տեսած են ամերիկեան շարք մը թերթերու մէջ ու համացանցային կայքերու վրայ: Նիւեորքաբնակ Մայքըլ Պոպէլեան թոռնիկն է Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներու, տուեալ մը, որ մղիչ ուժը եղած էր նշեալ հատորին:
Հեղինակը խօսեցաւ այն մասին, թէ ինչպէս անհասկնալի գտած էր այն իրողութիւնը, որ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի ու բազմաթիւ այլ թերթերու կողմէ վաւերագրուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը ինչպէ՞ս մոռացութեան մատնուած ու անտեսուած է կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին: Ապա ան խօսեցաւ 1965ին սկսած պահանջատիրական պայքարին մասին, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ուրացման արշաւին մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.