Թոյն/Կապար Lead
Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Նախորդ շաբաթ խօսած էինք ֆլորայտ նիւթին մասին, որ թունաւոր ազդեցութիւն կրնայ ունենալ առողջութեան եւ յատկապէս մանուկներու առողջութեան վրայ։
Այս շաբաթ կը խօսինք այլ նիւթի մը մասին՝ կապարը, որ կրկին վնասակար ազդեցութիւն ունի առողջութեան վրայ։
Շատ հին ժամանակներէն ի վեր կապարը օգտագործուած է կարգ մը արտադրութիւններու մէջ, օրինակ՝ խողովակներու, ներկերու, խոհանոցային անօթներու, գեղագիտական նիւթերու։ Ներկայիս նաեւ անիկա կ՛օգտագործուի պատուաստներու, մարտկոցներու (battery), սերամիքի եւ մինչեւ իսկ վառելանիւթի պարագային։ Հռոմէացիները անդրադարձած էին, թէ այս նիւթին բարձր քանակը կրնայ խելագարման պատճառ դառնալ եւ մինչեւ իսկ մահուան։ Այս պատճառով ալ, անոնք կապարի արտադրութիւնը շատ հեռաւոր նահանգներու մէջ միայն կեդրոնացուցած էին։ Սակայն տակաւին կը գործածուէր այս նիւթը գաւաթներու, ամաններու եւ մինչեւ իսկ պատերազմական իրերու պատրաստութեան համար, առանց նկատելու, թէ անոր փոքրագոյն քանակն անգամ կրնայ շատ երկարատեւ ու տեւական հիւանդութիւններու պատճառ դառնալ։
Փոքր քանակով կապարի ներծծումը մարմինին մէջ կրնայ պատճառել հետեւեալ ախտանշանները. իմաստութեան խախտում, յիշողութեան կորուստ, տրամադրութեան յաճախակի փոփոխութիւն, անբերրիութիւն, ջիղերու, մկաններու եւ յօդերու անհանգստութիւններ, սրտանօթային, ոսկորներու, երիկամներու հարցեր եւ հաւանականօրէն՝ քաղցկեղ։ Այս բոլորէն յստակօրէն մարդկութիւնը տեղեակ չէր մինչեւ 20րդ դարու վերջաւորութիւնը։ 1973ին Ամերիկայի Կենսոլորտի պահպանման կազմակերպութիւնը սկսաւ զգուշացնելու կապարով հարստացած քարիւղի գործածութենէն, սակայն 1996ին էր միայն, երբ ամբողջականօրէն արգիլուեցաւ անոր գործածութիւնը։ Տան ներկերուն մէջ եւս անոր գործածութիւնը արգիլուեցաւ 1978էն ետք։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու վիճակագրութեանց, տան ներկերու արտադրութենէն կապարի վերացումով, ամերիկացի երեխաներու արեան մէջ կապարի գոյութեան տոկոսը 86 տոկոսով նուազած է 1970էն ի վեր։
Կենսոլորտային աշխատանքներու խմբակը (Environmental Working Group) տակաւին կը շարունակէ իր աշխատանքները՝ բացայայտելով կապարին վտանգները։ 2000 թուականին այս ընկերակցութիւնը կը հաւաստիացնէր, թէ 1992-1998ի միջեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգին մէջ 212,000՝ մէկէն մինչեւ 5 տարեկան երեխաներու արեան մէջ, վնասակար տոկոսի հասնող կապար գոյութիւն ունի, մինչ նահանգային պաշտօնական տուեալներով, այդ թիւը կը կազմէր միայն 14,900 երեխայ։
Այս բոլորէն ետք կը լսենք, թէ 2008 թուականին, այս անգամ Առողջապահական եւ կենսոլորտային ապահովութեան ընկերութեան պնդումներուն հիման վրայ, պետականօրէն կ՛որոշուի աւելի խիստ քննութեան առարկայ դարձնել 1976ին հաստատուած թունաւոր նիւթերու պահպանման հարցով ճշդուած օրէնքի գործադրութիւնը։
Ուրեմն, այս դէպքէն պէտք է հասկնալ, թէ արդեօ՞ք Ամերիկայի տարածքին առողջութեան հիմնական վտանգ սպառնացող հարցի մը հետապնդումը կը տեւէ 30 տարի մինչեւ լրջօրէն կիրառումը։ Լուրջ մտածելու հարց…