ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք»,- Հայաստանի մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արթուր Պօղոսեան Մայիս 18ին, սփիւռքահայ դերասանուհի Մարի Ռոզ Ապուսեֆեանին յանձնած է նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւը՝ Ոսկէ մետալը՝ հրապարակախօսութեան եւ թատերարուեստի ասպարէզին մէջ անոր ունեցած նշանակալի աւանդին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք մշակութային կապերու ամրապնդման նպաստելուն համար:

Սփիւռքահայ նշանաւոր դերասան, բեմադրիչ, հրապարագիր, ասմունքող Մարի Ռոզ Ապուսեֆեանը Հայոց Ցեղասպանութեան 95րդ տարելիցին առիթով ժամանած էր հայրենիք, մասնակցած՝ Ապրիլ 24ի ոգեկոչման եւ «Գրիգոր Զոհրապ. Գողգոթայի ճանապարհին» մենաներկայացումով հանդէս եկած Երեւանի ու Գիւմրիի մէջ:
«Ասպարէզ» կը շնորհաւորէ իր աշխատակիցը այս պարգեւատրման առիթով: