ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Պեթի ՄըքՔալըմի, Ֆրենք Փալոնի, Էտըմ Շիֆի եւ Թիմ Ուալցի նախաձեռնութեամբ, նամակ մը յղուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին, կոչ ընելով անոր, որ անմիջական քայլերու դիմէ օժանդակելու Իրաքի պատերազմին հետեւանքով գաղթական դարձած եւ Սուրիա կամ Յորդանան ապաստանած իրաքահայերուն, որպէսզի անոնք աւելի ապահով պայմաններու տակ ապրին: Նամակին տակ ստորագրած են Ներկայացուցիչներու տան 16 անդամներ:
ՄԱԿի տուեալներուն համաձայն, Իրաքի պատերազմին գաղթականները, ըլլան անոնք Իրաքէն ներս կամ անկէ դուրս, կը դիմագրաւեն շարք մը լուրջ դժուարութիւններ ու անոնց վիճակը կը վատթարանայ, մինչ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կը շեղի դէպի այլ տագնապներ: Կը նշուի նաեւ, թէ իրաքցի քրիստոնեայ գաղթականները յաճախ յարձակումներու թիրախ կը դառնան:
Երկու տարի առաջ, ՄԱԿի օժանդակութեամբ կարելի եղած էր խումբ մը իրաքահայերու ապաստան շնորհել Հայաստանէն ներս: Հայաստանի կառավարութիւնը ՄԱԿին պատրաստակամութիւն յայտնած է ընդունելու համար բոլոր իրաքահայ գաղթականները՝ խոստանալով անոնց քաղաքացիութիւն շնորհել եւ նպաստել նոր կեանք մը սկսելու անոնց ջանքերուն:
Նամակին մէջ կը շեշտուի, թէ Ուաշինկթըն պէտք է մարդասիրական օժանդակութիւններով նեցուկ կանգնի Հայաստանի կառավարութեան այս ծրագրին, աւելցնելով, թէ իրաքահայերուն վիճակին բարելաւումը նպաստաւոր է նաեւ Միացեալ Նահանգներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.