ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած սահմանադրական բարեփոխութեան օրինագծին դէմ քայլ մը նկատուեցաւ Ընտրական բարձրագոյն խորհուրդի այն որոշումը, թէ հանրաքուէն պէտք է 120 օր ետք, այսինքն՝ Սեպտեմբեր 12ին կատարել, հակառակ նոր օրէնքին, որ կ՛ըսէր, թէ հանրաքուէն պէտք էր 60 օր ետք կայացնել: Խորհուրդը պնդած է, թէ ընտրական օրէնքին համաձայն, նոր յօդուածները մէկ տարիէն առաջ գործադրութեան չեն կրնար դրուիլ։ Հետաքրքրական է, որ Սեպտեմբեր 12ը 1980ին տեղի ունեցած պետական հարուածին թուականն է։ Ընտրական բարձրագոյն խորհուրդի այս մեկնաբանութիւնը բազմաթիւ իրաւագէտներու կողմէ սխալ նկատուեցաւ: Իշխող կուսակցութենէն երեսփոխաններ եւս այս որոշումը «քաղաքական» որակեցին։
Միւս կողմէ, վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, թէ Թուրքիա կը պատրաստուի իր վրայէն նետելու Սեպտեմբեր 12, 1980ի զինուորական յեղաշրջումին վերջին հետքերը։ Ասիկա պիտի ըլլայ սահմանադրութեան փոփոխութեամբ եւ այս փոփոխութիւնը պիտի կայանայ դարձեալ Սեպտեմբեր 12ին, ըսաւ ան, եթէ անշուշտ ժողովուրդը «այո» ըսէ հանրաքուէին:
Էրտողան, որ Կիրակի օր ժողովուրդին իր խօսքը ուղղեց Իզմիրի մէջ, ըսաւ, որ Սեպտեմբեր 12ին պիտի սրբագրուի այն, որ ճիշդ երեսուն տարի առաջ, պետական հարուածով պարտադրուած էր երկրին։ Ակնարկելով թուականին զուգադիպութեան՝ ան ըսաւ. «Այս թուականը մենք չընտրեցինք. ոեւէ մէկը ասոր տակ դիտում մը թող չփնտռէ. մենք կուսակցութիւն մըն ենք, որ պատրաստ է 60 օր ալ սպասելու, 120 օր ալ»։
Վարչապետը նաեւ խստօրէն քննադատեց ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը, որ անցնող շաբաթավերջին սահմանադրական բարեփոխութեանց օրինագիծին դէմ դատ բացաւ Սահմանադրական ատեանին մօտ։ Կուսակցութեան 97 երեսփոխաններուն կողքին, Ժողովրդավարական ձախ կուսակցութեան 6 երեսփոխաններ, վեց անկախ երեսփոխաններ ու Ժողովրդավար կուսակցութենէն մէկ երեսփոխան ստորագրած են դիմումին տակ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.