(Յետ ապրիլեան մտահոգութիւններ)
Հ. ԹՐԹՌԵԱՆ
24 Ապրիլի 95ամեակը եկաւ, գոնէ երկու օր ծանրօրէն նստաւ մեր խիղճերուն, փորփրեց, խառնեց ու խարանեց մեր ուղեղներն ու անցաւ: Անցաւ… անցաւ, բայց ի՞նչ ճշմարտութիւններ, ի՞նչ իրողութիւններ կրնանք առանձնացնել ընդհանրականէն, սովորականէն եւ զանոնք ուղեգիծ վերածել մեր գալիք գործունէութեան…
Ա.- 95ամեակը զերօ կամ հինգ թուին հանդիպած ըլլալուն համար, պիտի աւելի ցցուն, աւելի արտայայտիչ ձեւով ներկայանար, սակայն, ես կը խորհիմ որ այդ աշխուժութեան մէջ, վերի հաստատումէն բացի, պէտք է տեսնել համայն հայութեան պատասխանը հայրենի իշխանութիւններուն, ի մասնաւորի՝ իշխանապետին, վարած այլանդակ, կեղծաւոր ու ապազգային քաղաքականութեան. նոյնպէս՝ մերժումը ապրիլեան նահատակներու հանդէպ հայ ժողովուրդին զգացական աշխարհին շահարկումը՝ ի նպաստ իր քաղաքական թէզի զօրացման, անբարոյ կեցուածքին:
Բ.- Միասնական ալիքը, որ ծնունդ առած է ազգին արժանապատուութեան, իրաւունքներուն, հոգեկան արժէքներուն սպառնացող վտանգէն, պէտք չէ թոյլ տալ, որ մարի առօրեայի կլանող աւազներուն վրայ: Ամէն միութիւն, կազմակերպութիւն, կուսակցութիւն, կամ եկեղեցական համայնք անոր հզօրացումն ու վերջնական հաստատումը իր ամէնօրեայ ընթացիկ օրակարգէն պէտք չէ դուրս հանէ:
Գ.- Բացարձակապէս պէտք չէ խանդավառուիլ Թուրքիոյ մէջ հազիւհազ սկսող այլախոհութեան երեւոյթէն: Մինչեւ 13 Ապրիլ, տակաւին թերեւս որոշ չափով մը կարելի էր վստահիլ անհատ այլախոհներու անկեղծութեան. բայց տեղեակ ըլլալէ ետք Թուրքիոյ արտգործոց նախարարութեան տասնաբանեցին՝ յղուած իր դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն՝ արտասահմանի հայութեան հետ անոնց յարաբերութիւնները դասակարգող, աներկբայօրէն պէտք է անդրադառնալ, որ կեղծ այլախոհութիւնը պետական քաղաքականութեան վերածուած է խաբելու համար աշխարհը, բայց մանաւանդ մեզ՝ հայերս: Սխալ է մտածել, որ Թուրքիոյ ազգայնամոլութեան բերդին պատերուն վրայ սկսած են պզտիկ ճեղքեր երեւելու. անոնց վրայի փոշին իսկ չէ մաքրուած, հակառակը, օրէ օր ազգայնամոլութեան վրայ կու գայ յաւելեալ կրօնական այլամերժութիւն:
Նոյնիսկ եթէ սխալ է այս մեկնաբանութիւնը, մենք իրաւունք չունինք «ջուրը չհասած բոպիկանալու»: Ժողովրդական առածը կսէ. «Մինչեւ առուն ջուր գայ, գորտին աչքը դուրս կու գայ»: Մենք մեր «կարծրատիպերը» կակղացնելու, թուլցնելու փոխարէն, հակառակը, պէտք է ջրդեղենք զանոնք, ադամանդի կարծրութեամբ եւ արժէքով արմատացնենք մեր սերունդին մէջ: Այնքան ատեն, որ մեր հողերը կը մնան բռնագրաւուած, մեր իրաւունքները՝ ոտնակոխուած, մեր սրբութիւնները՝ անարգուած, թուրքը մեր թշնամին է եւ անոր հետ պէտք է վարուինք իբրեւ թշնամի. իսկ եթէ կը հաւատանք կարգ մը այլախոհներու անկեղծութեան, անոնց հետ պէտք է յարաբերինք ծայրայեղ զգուշաւորութեամբ, ինչպէս ժողովուրդը կըսէ՝ «Թանը փչելով պէտք է խմենք»:
Դ.- Ապրիլ 22ին, ՀՀ նախագահ, «նորին վսեմութիւն» պրն. Սերժ Սարգսեանը ուղերձ մը ուղղեց հայ-թրքական արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացին մասին. ի՛ր իսկ խոստովանութեամբ, «Թուրքիա կուզէ ժամանակ շահիլ՝ ձգձգելով արձանագրութիւններու վաւերացումը. Թուրքիա պատրաստ չէ վաւերացման. սպառած են խելամիտ բոլոր ժամկէտները. Թուրքիա նորանոր պայմաններ կը դնէ»:
Այս բոլորէն ետք ի՞նչ ըրաւ: Սխալ է մտածել, որ բան մը չըրաւ, կամ կեղծ յանդգնութեան պատմուճանով մը փորձեց պարուրուիլ: Եթէ լաւ մտածենք, կը տեսնենք, որ տարիէ մը ի վեր իր գործած բոլոր սխալներուն գումարը բազմապատկեց: Մէկ անգամ ընդմիշտ հրաժարեցաւ կողմ ըլլալէ բանագնացի իր բոլոր իրաւունքներէն: Դարձաւ պարզ կամակատար, պատրաստ գործելու՝ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս որ կամենան: Առկախել արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացը առանց յատուկ ժամկէտ ճշդելու, կը նշանակէ՝ ժամանակ տալ դիմացինին աւելի պատրաստուած ձեւով ներկայանալու: Իր խոստովանութեամբ իսկ, թուրքերը պատրաստ չէին առաջ երթալու, ուրեմն առաջ չերթալու յանցանքը ինքն իր վրայ բարդեց կամաւոր կերպով:
Թուրքիոյ արիւնոտ ձեռքը լուալու համար տաքուկ ջուրը ի՛նք մատռուակեց: Մինչեւ 22 Ապրիլ, «խելամիտ» ժամկէտի մը սպառման վտանգը կար թէ՛ թուրքին եւ թէ միջնորդներուն մտքին մէջ: Հիմա այդ մտմտուքն ալ փարատած է:
Ապրիլ 22ի ուղերձէն այսդին, շատ գէշ զգացում մը ունիմ: Պարոն Սարգսեանը արդեօք ի՞նչ կը մտածէ 10 միլիոն հայութեան մասին. խոտ արածող ոչխարնե՞ր կը կարծէ դիմացինները, եւ զանոնք խաբելու համար Տէր Զօրի եւ Ուիլսընի դամբարանին աճպարարութիւննե՞րը կը կազմակերպէ: Նոյն ատեն իր ուղերձով, հիւպատոսներով, (նկատի ունիմ Ապրիլ 24ին, Մոնթեպելլոյի մէջ Հայաստանի հիւպատոսին ելոյթը, որուն հետեւեցայ ARTN հեռուստաընկերութեան հեռասփռումով) կը փորձէ հաստատել, որ ինք ուղիղ ընթացքի մէջ է եւ կը սխալին իր քաղաքականութիւնը ժխտող քանի մը ծայրայեղականներ: Սխալ է մտածել, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, կամ որեւէ այլ նախագահ, գիտակցօրէն չէ որ այսքան չարիք կրնայ բերիլ Հայաստանի գլխուն: Եթէ այդպէս չէ, ուրեմն պարոն նախագահը, մեղմ ասած, այնքան տգէտ է, որ ազգին մեծ մասը ծայրայեղական կը կարծէ. այնքան միամիտ է, որ ազգային շահի գիտակցութիւնը չունի. եթէ այդպէս է, ապա նախագահական աթոռը իր տեղը չէ: Եւ եթէ այնքան ամբարտաւան է ու կամակոր, որ ի հեճուկս իր ժողովուրդի մեծամասնութեան, կը յամառի շարունակել իր սխալ ընթացքը, ապա արժանի չէ իր պաշտօնին:
Հայ ժողովուրդը այլեւս պէտք է փոխէ իր պայքարին թիրախը. պէտք է դադրի արձանագրութիւններուն դէմ պայքարելէ եւ սկսի պայքարել ընդդէմ իշխանութեան, բայց յանուն Հայաստանի եւ յանուն հայ պետականութեան, մինչեւ որ նախագահը՝ կա՛մ իր ստորագրութիւնը քաշէ արձանագրութիւններէն, կա՛մ ինք քաշուի նախագահութենէն:
1938ին հայ բանաստեղծը կը գրէր. «Առասպելականօրէն հսկայ ու Արարատին չափ խոշոր ցռկանաւ մը խրեցաւ պատմութեան աւազուտին»: Յետ եղեռնի սերունդը «աղիքները ըրաւ պարան ու թոքերը՝ առագաստ», ու նաւը տարաւ «բաց ծովերուն»: Այսօր նաւը բաց ծովերուն մէջ է, մեր աններելի մեղքը, մեր ճակատի անջնջելի խարանը պիտի ըլլայ, եթէ թող տանք որ նաւը վերստին խրի պատմութեան աւազուտին:
Որպէսզի ատիկա չպատահի, պէտք չէ բացառել ոչ մէկ միջոց: