Մեծ հաճոյքով կարդացի Ջեմմա Բաղդադեանի «95ամեակ թէ 95րդ տարելից» լուսաբանական գրութիւնը, «Ասպարէզ»ի 30 Ապրիլի թիւին մէջ: Գովելի է հեղինակին բծախնդրութիւնը հայոց լեզուի նկատմամբ եւ ամէն տեսակի գնահատանքէ վեր՝ իր արժեւորումը:
Լրիւ ընդունելի են իր տուած լեզուական բացատրութիւնները: Այսուհանդերձ իր եւ ընթերցողի ուշադրութեան կ՛ուզէի յանձնել հետեւեալը: Ապրիլ 24ի ոգեկոչումը, ամբողջ հայ ժողովրդին համար, այսօր դադրած է սգահանդէս ըլլալէ եւ դարձած վերածնունդի ահազանգ: Այսօրուան երիտասարդը երբ ցոյցի կամ հսկումի կ՛երթայ, մտքէն իսկ չ՛անցըներ իր մեծ-մեծ հօր տառապանքներն ու մահը, այլ կը մտածէ իր անիրաւուած ըլլալու, իր կորուսեալ հայրենիքին վերատիրանալու մասին: Մեր նահատակնները սոսկ մեռելներ չեն, այլ՝ շարականագրին օրինակով. «Մահուամբ զմահ կոխեալ եւ յարութեամբ իւրեանց մեզ զկեանս պարգեւողներ»: Սովորական մեռելները կ՛ապրին մեր յիշողութեան մէջ, մինչ նահատակները՝ մեր արիւնին մէջ, մեզի կեանք պարգեւելով: Գիտակցօրէն մահը ընդունողները, անշուշտ կը պատճառեն սուգ ու թախիծ, բայց երբ ժամանակը դարմանէ մահուան յաջորդող անմիջական հոգեվիճակը, անոնք կը դառնան տոկալու կամք, պայքարի օրինակ, յաղթելու վճռակամութիւն: Բոլոր հերոսները հերոսացած են մահուամբ, կամ մահը արհամարհելով՝ անոնց օրինակն է որ կը ներշնչէ յետնորդները եւ կ՛ապրի անոնց մէջ: Անցեալն ու ներկան միաձուլուելով է որ կը կազմեն ազգային ինքնութիւնը, կը յաւերժացնեն ժողովուրդները եւ կը գրեն պատմութիւնը: Այս իրողութիւնը լաւագոյնս բացատրուած կը տեսնենք Պարոյր Սեւակի սա տողերուն մէջ՝.
«Աւարայրից ջանք առանք,
Այստեղ մի պահ կանգ առանք,
Որ շունչ առած, շունչներս տանք
Սարդարապատի պատի տակ:
Բայց մենք չընկանք, մենք միշտ կանք,
Մենք չհանգանք դեռ կը գանք,
Երբ տան զանգը, ահազանգը
Որ մեր հոգու պարտքը տանք»:
Ուրեմն, անոնք , որոնք Ապրիլեան նահատակութեան մասին այս
ընկալումը ունին, անոնց թող ներուի՝ «Սուրբ Մեսրոպի միջնորդութեամբ» «ամեակ» արտայայտութիւնը:
Հ. ԹՐԹՌԵԱՆ
Մայիս 1, 2010թ.