ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Կիրակի, Մարտ 14ին կայացած Արարատ տան տարեկան ընդհանուր ժողովին ընթացքին, Արարատ տան Արեւմտեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչներ Անտրէա Ֆերինկ եւ Պարպարա Փոլատեան յայտարարեցին, թէ իրենց մէկ տարուան դրամահաւաքի ձեռնարկներէն գոյացած 60,000 տոլար նուիրատուութիւն մը կատարած են Արարատ տան աշխատանքները շարունակելու եւ զանոնք բարելաւելու նպատակով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.