ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի աշխատակազմի արտաքին կապերու բաժնի վարիչ Նովրուզ Մամետով, երէկ յայտարարած է, թէ «Ժամանակը, զոր խնդրած էր Հայաստանը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման առնչութեամբ, քանի մը ամիս առաջ արդէն սպառած է»:

«Հայաստան խնդրած էր երկու շաբաթ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման հետ կապուած, բայց անցած է արդէն մի քանի ամիս, եւ որեւէ արձագանգ չէ հետեւած», «Թրենտ» լրատուական գործակալութեան փոխանցած է Մամետով:
Նշելով, որ ներկայիս ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահները կը շարունակեն աշխատանքը հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ՝ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեան յայտնած է, որ «Համանախագահները ըսած են, թէ Հայաստանը մօտակայ ժամանակներուն պիտի արտայայտէ իր դիրքորոշումը: Բարձրացուած հարցերը հակամարտութեան լուծման ամենաճիշդ եղանակն են. Հայաստանը պէտք է ատիկա հասկնայ»:
Մամետով նաեւ յայտարարած է, որ «Ասիկա պէտք է որոշակի ուղերձ նկատուի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն, որ Ատրպէյճանը համաձայն է իրենց առաջարկներուն, եւ հակամարտութեան կարգաւորման համար անհրաժեշտ է ճնշում գործադրել Հայաստանի վրայ»:
Ի պատասխան Մամետեարովի, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեանը յայտարարած է, որ «Ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացում առաջնայինը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի դիրքորոշումն է, որն արտայայտուել է դեռեւս 1991թ. հանրաքուէով: Հայաստանը սատարել է եւ կը շարունակի սատարել այդ դիրքորոշումը: Ադրբեջանը միայն ժամանակ է կորցնում. միեւնոյնն է՝ ուշ, թէ շուտ, ստիպուած է լինելու հաշուի նստել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի կամարտայայտութեան հետ»:
Ըստ Բալայանի, «Բանակցային գործընթացում իրենց ապակառուցողական դիրքորոշման ընկալումը չգտնելով՝ Ադրբեջանի որոշ պաշտօնեաներին այլ բան չի մնում, քան անվերջ կեղծիքներով եւ շարունակաբար սուր ճօճելով՝ փորձեր կատարել աքլորանալ սեփական ժողովրդի առջեւ»:
Ոչ մի զիջում ազագրված պապենական մեր հողերէն թող լաւ
տեղեակ ըլլայ ԱԺի նախագահը արտայատւելով կարգ մը
հողային տարածքներու մասին որ վերդարցւին ազերիներուն թէ
ժամանակ կ’ուզէ, լաւ գիտցէք որ այդ հողերը յաւեռժ Հայ ազգին
կը պատկանի եւ վէրջ, եթէ օր մը կրցաք ձեր ծոծրակը տէսնել․․․․․
նաեւ ձեր շրջապատուած դաւաճաներուն հետ միասին,
Ներկայիս Ողջ Հայութիւնը եւ Հայրենիքը ՊԱՏԱՆԴ ենք թուրքին
մինջեւ որ ետ չի վէրցնեք ԱՆԻԾԵԱԼ ստորագրութիւնները
որ ստորագրէցիկ ՍԷՎ ՇԱԲԱԹ օրը Հոգտեմբեր տասին,
Կէցցէ Հ,Յ,Դ,
Հայ Ազգին Ծարայող Պահապան