ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՀԵԴն նախաձեռնած է Փոքրիկ Հայաստանը մաքրելու արշաւի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մայիս 2ին:
Հարիւրաւոր կամաւորներու մասնակցութիւնը կ՛ակնկալուի Մայիս 2ի արշաւին, որ իր տեսակին մէջ եօթներորդն է:
Նախկին տարիներուն, հարիւրաւոր ՀԵԴի անդամներ ու համակիրներ մասնակցած են սոյն արշաւին՝ Հոլիվուտ ժամանելով մինչեւ Արիզոնայէն, Ֆրեզնոյէն, Սան Ֆրանսիսքոյէն ու Լաս Վեկասէն: Այս արշաւին շնորհիւ, ցարդ կարելի եղած 30,000 թոն աղբ հաւաքել Փոքրիկ Հայաստանի թաղերէն, ըստ Լոս Անճելըս քաղաքի տուեալներուն:
Այս տարուան ծրագրին մէջ նկատի առնուած են նաեւ ծառատունկ եւ հրոսակախումբերու կողմէ պատերու վրայ գրուած գրութիւններու մաքրութիւն:
Արշաւին բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ առաւօտեան ժամը 10ին, Հոլիվուտի «Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս» վարժարանին մէջ (1615 N. Alexandria Ave., Los Angeles, CA 90027), ուր ելոյթ պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Քեւըն տը Լէոն եւ այլ պաշտօնատարներ: Արշաւը պիտի տեւէ մինչեւ կ.ե. ժամը 3:
Այս տարի եւս կազմակերպչական աշխատանքները ստանձնած է ՀԵԴի Հոլիվուտի «Մուսա Տաղ» ուխտը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 507-1933 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.