ԱՆԳԱՐԱ, «Արմինիըն Ուիքլի», «Մարմարա».- Շաբաթ, Ապրիլ 24ին, մինչ Պոլսոյ զանազան վայրերու մէջ Ապրիլ 24ի ոգեկոչման աննախընթաց ձեռնարկներ տեղի կ՛ունենային, Անգարայի «Փրինսես» պանդոկին մէջ սկսաւ «Մտածումի ազատութեան նախաձեռնութիւն» խմբակին կողմէ կազմակերպուած երկօրեայ գիտաժողովը, որ նմանապէս նուիրուած էր Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին եւ որուն մասնակցեցան Թուրքիայէն եւ արտասահմանէն մտաւորականներ:
Ապահովական խիստ պայմաններու տակ տեղի ունեցած գիտաժողովին ներկայ էին մօտաւորապէս 200 հոգի, մեծամասնութեամբ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ջատագով մարդկային իրաւանց գործիչներ ու մտաւորականներ: Յատկանշական է նաեւ, որ Պոլսոյ հաւաքներուն դէմ տեղի ունեցած ցոյցերու արտօնութիւն չէր տրուած այս գիտաժողովին ընթացքին:

Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած գիտաժողովին Թուրքիայէն մասնակիցներուն մէջ կային Իսմայիլ Պեշիքճի, Պասքըն Օրան, Սեւան Նշանեան, Ռակիփ Զարաքօլու, Թեմել Տեմիրեր եւ Սայիտ Չեթինօղլու:
Ընկերաբան Իսմայիլ Պեշիքճի առաջիններէն էր, որ քիւրտերու մասին հատորներ գրած ու բանտարկուած էր, որովհետեւ այդ տարիներուն նման քայլ մը արգիլուած էր: Քաղաքական գիտութեանց դասախօս Պասքըն Օրան հայերէն ներողութիւն խնդրելու համացանցային արշաւին գլխաւոր կազմակերպիչներէն մէկն էր, իսկ Նշանեան պոլսահայ այլախոհ հեղինակ մըն է, որ նաեւ կ՛աշխատակցի «Ակօս» թերթին, իսկ Զարաքօլու Հայկական Ցեղասպանութեան մասին զանազան հատորներ հրապարակած է ու բանտարկութեան դատապարտուած անոնց համար: Տեմիրեր եւս դատապարտուած է իր այլախոհ ելոյթներուն եւ գրութեանց համար, իսկ մարդկային իրաւանց գործիչ ու մտաւորական Չեթինօղլու գիտաժողովը կազմակերպողներէն մէկն էր:
Գիտաժողովին համար Թուրքիա ժամանած մտաւորականներն էին՝ ցեղասպանագէտ դոկտ. Տէյվիտ Կաունթ, իմաստասիրութեան դասախօս փրոֆ. Հենրի Թերիօ (Ուուսթըրի նահանգային համալսարանէն), «Արմինիըն Ուիքլի»ի խմբագիր եւ ցեղասպանական ուսմանց դոկտորական ուսանող Խաչիկ Մուրատեան, Պոսթընի մէջ «Հրանդ Տինքի բարեկամներ» կազմակերպութեան ատենապետ Հերի Բարսեղեան եւ Կալեսէն մարդկային իրաւանց գործիչ ու հեղինակ Էլիան Ուիլիըմզ։
Վնասուց հատուցման հարցին քննարկման ընթացքին, Խ. Մուրատեան շեշտեց, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին պէտք է մօտենալ արդարութեան տեսանկիւնէն, ուր վնասուց հատուցումը կարեւոր նշանակութիւն ունի:
Իր կարգին, Թերիօ յայտնեց, թէ Թուրքիա պէտք է ամբողջական վնասուց հատուցում կատարէ հայութեան, սկսելով անոնց կալուածներու հարստութեան վերադարձէն, հասնելով մինչեւ իւրաքանչիւր զոհի ու Ցեղասպանութեան պատճառած ցաւի փոխարէն՝ հատուցումներուն:
Սակայն, Նշանեան, իր կարգին, մտահոգութիւն յայտնեց, որ վնասուց հատուցման պահանջները անմիջապէս պիտի կասեցնեն Ցեղասպանութեան շուրջ քննարկումները եւ նոր տագնապներու առջեւ դուռ պիտի բանան:
Հակադարձելով Նշանեանին՝ Տեմիրեր եւս վնասուց հատուցումներու ի նպաստ արտայայտուեցաւ:
Ինչպէս հաղորդած էինք, գիտաժողովը տեղի պիտի ունենար Անգարայի Ճարտարապետներու գրասենեակի սրահին մէջ, սակայն վերջին վայրկեանին, գրասենեակի վարչութիւնը հաղորդեց, թէ սրահին մէջ նորոգութեան աշխատանք պիտի կատարուի եւ այդ պատճառաւ կարելի պիտի չըլլայ գիտաժողովը հոն կատարել։ Գիտաժողովի կազմակերպիչները վերջին վայրկեանին որոշեցին ձեռնարկը իրականացնել վերոնշեալ պանդոկին մէջ՝ տեղի չտալով քաղաքական ճնշումներուն: