Քալիֆորնիայէն ծերակուտական Պարպարա Պաքսըր Չորեքշաբթի, Ապրիլ 21ին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի արխիւներուն յանձնած է յայտարարութիւն մը, ուր կը նշուի Հայկական Ցեղասպանութեան 95ամեակը եւ կը շեշտուի, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց պարտականութիւնն է:
«Ցեղասպանութիւնը, ո՛ւր ալ ըլլայ, մարդկութեան դէմ ոճիր մըն է, որ պէտք չէ անտեսուի», նշած է ծերակուտականը իր յայտարարութեան մէջ, ուր ան նաեւ մէջբերած է Ցեղասպանութան օրերուն Օսմանեան կայսրութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուէն վկայութիւն մը, թէ տեղի ունեցող ոճիրները ամբողջ ազգ մը բնաջնջելու նպատակ կը հետապնդեն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.