ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան համացանցային կայքէն կը տեղեկանանք, թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Անտրէյ Նեսթերենքօ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Ռուսիա կ՛ուսումնասիրէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու կազմին մէջ Թուրքիոյ ներկայացուցիչ մը ունենալու հնարաւորութիւնը։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ Թուրքիան ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներէն մէկը դարձնելու առաջարկը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ իբրեւ միջնորդ հանդես գալու Իրանի նախաձեռնութիւնը՝ Նեսթերենքօ յայտնած է. «Մենք աշխոյժ կերպով ներգրաւուած ենք այդ խնդիրին մէջ։ Վերջերս կատարուած են շարք մը առաջարկներ, զորս կ՛ուսումնասիրենք։ Սակայն որպէսզի համապատասխան գնահատականներ տանք, մեզի անհրաժեշտ է կապուիլ բանակցային գործընթացին մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերուն հետ՝ պարզելու անոնց դիրքորոշումը այս հարցերուն մէջ։ Ճիշդ այդ աշխատանքին մէջ ենք հիմա։ Մեր գործընկերներուն հետ տուեալ հարցերը քննելէ որոշ ժամանակ ետք մենք կրնանք որոշ եզրակացութեան մը հասնիլ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.