«Արմինիըն Ուիքլի»ն Ուրբաթ, Ապրիլ 23ին կը տեղեկացնէ, թէ Անգարայի «Մտածումի ազատութեան նախաձեռնութիւն» խմբակին կողմէ կազմակերպուած եւ Ապրիլ 24-25ին տեղի ունենալիք հայ եւ թուրք մտաւորականներու մասնակցութեամբ գիտաժողովը, որուն գումարումը ջնջուած յայտարարուած էր Չորեքշաբթի օր, վերջապէս պիտի կայանայ՝ նախապէս որոշուած թուականին:
Ինչպէս հաղորդած էինք, գիտաժողովին ընթացքին պիտի քննուին Հայկական Ցեղասպանութեան եւ վնասուց հատուցման հարցեր:
Հաւաքը, որ նախապէս որոշուած էր կայացանել Անգարայի Ճարտարապետներու գրասենեակի սրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ Անգարայի «Երենսես» պանդոկին մէջ, խիստ հսկողութեան տակ: Ցարդ յայտնի չէ, թէ Թուրքիա չհասած մասնակիցներէն որո՛նք պիտի կարենան հասնիլ գիտաժողովին:
Գիտաժողովը նուիրուած է «Ակօս»ի սպաննուած խմբագիր Հրանդ Տինքի յիշատակին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.