ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի 14 անդամներ՝ գլխաւորութեամբ Քալիֆորնիայէն ծերակուտական Պարպարա Պաքսըրի, նամակով մը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կոչ ըրած են, որ «պատմական ճշմարտութեան կողմը անցնելով՝ յստակօրէն ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը»։
«Հակառակ անհերքելի ապացոյցներուն, Միացեալ Նահանգները 1915-1923ի իրադարձութիւնները տակաւին ճիշդ բառով չէ բնութագրած», ըսուած է Սպիտակ տուն ուղարկուած նամակին մէջ։
Ծերակուտականները Օպամային կոչ կ՛ուղղեն՝ «սրբագրելու անարդարութիւնը եւ 20րդ դարու մեծագոյն վայրագութիւնները վերջապէս անուանելու ցեղասպանութիւն»։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան ողջունեց այս նամակին հեղինակ Պաքսըրի տարած աշխատանքը, յոյս յայտնելով, որ Օպամա մեղսակից չի դառնար Ցեղասպանութիւնը ուրանալու նպատակով Թուրքիոյ տարած աշխատանքներուն:
Պաքսըրի կողքին, նամակին տակ ստորագրած են հետեւեալ ծերակուտականները. Շերըտ Պրաուն, Ճան Էնսայն, Ռաս Ֆայկոլտ, Տայան Ֆայնսթայն, Ֆրենք Լաութընպըրկ, Քարլ Լեւին, Ռապըրթ Մենենտեզ, Ճեք Ռիտ, Ճօ Լիպըրմըն, Պարպարա Միքուլսքի, Չարլզ Շումըր, Տեպի Սթեպընաու եւ Շելտըն Ուայթհաուս: