ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) Հայ շրջանաւարտներու միութեան ու «Հայաստան» հիմնադրամին, Երեքշաբթի, Ապրիլ 13ին, «Վիւասել»ի ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Երիքեանի հետ զրոյց մը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ, (222 E Harvard St Glendale, CA 91205), երեկոյեան ժամը 6էն 8:
Միայն հինգ տարիներու ընթացքին սոյն ընկերութիւնը Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան մարզի մեծագոյն ընկերութեան վերածող Երիքեանը գործօն մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ մարդասիրական աշխատանքերու մէջ: Ան կը յուսայ, որ Ապրիլ 13ին կայանալիք իր ու երիտասարդ հայ գործարարներու միջեւ հանդիպումը առիթ մը կ՛ըլլայ կարծիքներու փոխանակման եւ Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու կարելիութիւններու ծանօթացման:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.uscaaa.org համացանցային կայքը կամ դիմել (818) 990-1416 թիւին ու info@uscaaa.org հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.