ՍՈՆԱ ԶԷՅԹԼԵԱՆ
19րդ դարու վերջերը Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանի կացութիւնը ծանր էր: Օսմանեան կայսրութեան ենթակայ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան Զէյթունի եւ Սասունի ջարդերը, 1887ին Պերլինի Խորհրդաժողովին որոշուած հայկական նահանգներու բարենորոգման ծրագիրը գործադրութեան չդրուեցաւ, իսկ բռնագրաւումը, հալածանքն ու տեղահանութիւնը յաճախակի դարձան: Անդին, Ցարական կայսրութեան ենթակայ Արեւելեան Հայաստանի մէջ, 1903ին եկեղեցական կալուածները գրաւուեցան, հայկական դպրոցները փակուեցան եւ ռուսականացում պարտադրուեցաւ:

Այս պայմաններու մէջ, Արեւմտահայ եւ Արեւելահայ երկու մեծ կեդրոններուն՝ Պոլսոյ եւ Թիֆլիսի մէջ համալսարանաւարտ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ ժամանակի նորութիւններուն հետ քայլ պահող ազգային վերանորոգման շարժում մը սկսան: Անկախ մտածողութեան տէր հայուհիներ արդիականացման այս շարժումէն անբաժան նկատեցին կիներու վիճակին բարելաւումը, անոնց մարդկային ու քաղաքական իրաւունքներուն ու պարտականութիւններուն հաստատումը:
Ազգային վերանորոգման եւ արդիականացման այս շարժումը հիմնովին փոխեց կրօնական փոքրամասնութիւն մը դարձած Արեւմտահայութիւնը եւ ռուսականացման ենթարկուած Արեւելահայութիւնը: Հայութեան երկու թեւերուն մէջ ալ ազգային ինքնութեան, ազգային մշակոյթի, ազգային իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու տէր հաւաքականութիւն մը ըլլալու գիտակցութիւնը խորացաւ: Յատկանշական է, որ վերանորոգման եւ արդիականացման այս շարժումին մէջ, հայ կնոջ վերելքը զուտ անձնական կամ ընկերային բարեկարգութիւն ըլլալէ աւելի, ազգային գոյութեան պահպանման եւ ազգային վերելքին կը ծառայէր: Այս գիտակցութիւնը հայ կնոջ գործունէութեան նոր ուղիներ բացաւ՝ ազգային պահանջատիրութեան եւ ազգային վերելքի ճակատներուն վրայ:
ՀԱՅ ԿՆՈæ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՈՒՂԻՆԵՐ ԿՐԹԱԿԱՆ
Գիւղական շրջաններուն մէջ հայը տգէտ էր եւ տոհմիկ բարբառով կը խօսէր: Իսկ մեծ քաղաքներուն մէջ կային վրացախօսներ, ռուսախօսներ, չերքեզախօսներ եւ թրքախօսներ: Թրքական, ռուսական եւ պարսկական իշխանութիւններուն ենթակայ հայութեան համար, հայերէնը դադրած էր հայութիւնը միաւորող լեզուն ըլլալէ: Այս պայմաններուն մէջ, մեծ թիւով հայուհիներ ուսուցչութեան նուիրուեցան՝ հայախօսութիւնը տարածելու, հայ մշակոյթին հանդէպ հետաքրքրութիւն տարածելու, հայ մշակոյթին հանդէպ հետաքրքրութիւն արթնցնելու եւ ազգային ոգին զօրացնելու համար:
Ոչ միայն օտար իշխանութիւնները հայը հայէն կը բաժնէին, այլեւ հայկական գաւառները աշխարհագրականօրէն իրարմէ անջատ եւ իրարու անհաղորդ էին: Այս պայմաններուն մէջ տեղայնական մտայնութիւնը կ՛իշխէր: Կրթական գործին նուիրուած հայուհիները հայութիւնը միաւորող գաղափարներ, ինչպէս ազգային իրաւունքներու գիտութիւնը, ազգային արժանապատւութիւնը բարձր պահելու կարեւորութիւնը եւ ընկերային ծառայութեան ճամբով հայութեան վերելքին նպաստը արմատաւորեցին:
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ
Մեծ թիւով հայուհիներ աղջիկներու եւ կիներու խումբեր կազմեցին եւ ոգեւորութիւն ստեղծեցին «Դրօշակ»ի պէս օրուան կարեւոր թերթերէն ընթերցումներ կատարելով, Րաֆֆիի եւ Աւետիս Ահարոնեանի հայրենասիրական գործերը տարածելով եւ ազգային վերականգնումի եւ Հայ Դատի պաշտպանութեան գաղափարները բոլորին հասկնալի ձեւով բացատրելով: Հակառակ բանտարկութեան վտանգին, անոնք իրենց տուներուն մէջ կը տպէին ու կը ցրուէին նաեւ յեղափոխական արգիլուած թռուցիկներ՝ պատի թերթեր:
ԶԷՆՔԵՐՈՒ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Ազգային դիմադրութեան նուիրուած հայուհիներ հանգանակութիւններ կը կատարէին եւ գոյացած գումարը զէնքի ու զինամթերքի գնման կը յատկացնէին: Անոնք նաեւ օգտակար կ՛ըլլային զէնքերու փոխադրութեան եւ մանաւանդ պահեստներու պատրաստութեան մէջ: Այս պահեստները կամ գաղտնարանները յաճախ իրենց տուներուն մէջ կը յարմարցնէին: Իրենց տուներուն մէջ կը պատսպարէին նաեւ յեղափոխական գործիչները, ֆետայիներն ու փախստականները եւ անոնց կարիքները կը հոգային: Հայ կիներ յաճախ սուրհանդակի դեր ալ կը կատարէին՝ լուրեր փոխանցելու կամ տեղեկութիւն հաւաքելու համար:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՅՔԱՐԻ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Մեր նորագոյն պատմութեան ազատագրական պայքարը ժողովրդային բնոյթ ունէր: Հետեւաբար, հայ ընտանիքն էր դիմադրութեան առանցքը: Այս պայաններու մէջ, հայ կինը հայ մարդուն կողքին կռուեցաւ, հայ մարդուն հաւասար ինքնիշխան ապրելու կամք ցուցաբերեց եւ խորունկ հաւատք ունեցաւ ազատութեան եւ անկախութեան վերջնական յաղթանակին հանդէպ: Հայ կինը իր արժանաւորութիւնը հաստատեց Սասնոյ 1894ի եւ 1915ի կռիւներուն՝ Վան-Վասպուրականի 1908ի եւ 1915ի կռիւներուն, 1915ի Շատախի, Շապին Գարահիսարի, Մուսա Տաղի հերոսամարտերուն եւ վերջապէս, 1920ի Հաճնոյ գոյամարտին:
Ազգային ազատագրական կռիւներէն առաջ եւ կռիւներուն ընթացքին, զանազան շրջաններու մէջ հայուհիներուն կազմակերպած Կարմիր Խաչի խումբերը հասարակական կարեւոր դեր կատարեցին: Կարմիր Խաչի աշխատանքներուն ընդմէջէն հայ կինը իր ուժերը ճանչցաւ, գիտցաւ համադրել եւ արժեւորել: Օրինակ, Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Ռոստոմի եւ կնոջը՝ Լիզա Զօրեանի Պուլկարիոյ Ֆելիպէ քաղաքին մէջ հիմնած դպրոցին կողքին կը գործէր Կարմիր Խաչի միաւոր մը: Խաչուհիները իրենց անգրագէտ անդամուհիներուն գրել-կարդալ կը սորվեցնէին, որբերը կը հաւաքէին ու կը դաստիարակէին, այրիներուն գործ կը հայթայթէին, եւ գաղթականներու կարաւաններուն բժշկական, նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւն կը հասցնէին: Նահանջի եւ բռնի տեղահանութեան օրերուն, իրար-օգնութեան աշխատանքը շարունակեցին: Իսկ Եղեռնէն ետք, բռնի իսլամացած կիներու եւ մանուկներու ազատագրման համար իրենց մասնակցութիւնը բերին: Այս առթիւ, կ՛արժէ յիշել նաեւ Պոլսոյ Կարմիր Խաչին հիմնած հիւանդանոցը, մայրանոցն ու մանկատունը, առեւանգուած աղջիկներու պատսպարանը եւ մանաւանդ Չէզոք Տունը, որուն նպատակն էր թուրք տուներէն հաւաքել հայ որբերն ու որբուհիները:
Կանանց Կարմիր Խաչի խումբերուն ազգային գիտակցութեան մակարդակը եւ ընկերային ծառայութեան նուիրումը նկատի ունենալով՝ 1901էն սկսեալ, Հայկական Կարմիր Խաչը կազմակերպութիւն մը առաջացնելու պահանջը կար: 1910ին, ՀՅ Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ Հայ Օգնութեան Միութիւնը կազմուեցաւ: Այս համահայկական 100ամեայ կազմակերպութիւնը այսօր իր մասնաճիւղերը տարածած է սփիւռքի հայաշատ գաղութներէն մինչեւ Հայաստան, Արցախ, ինչպէս նաեւ Ախալքալաք եւ Վրաստան:
ՀԱՅ ԿԻՆԸ 21ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՍԵՄԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԿՆՈæ ՏԱՐԻԻՆ ԱՌԹԻՒ
Դարերու ենթակայութենէն եւ ցեղասպանութենէն միայն 3 տարի ետք, Մայիս 28, 1918ին հիմը դրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան: Նորաստեղծ պետութիւնը հայ կանանց վաստակը գնահատելով, անոնց քուէարկելու իրաւունքը հաստատեց եւ աշխարհի առաջիններէն եղաւ անոնց ազգային-քաղաքական կեանքին եւ պետութիւն կառուցելու աշխատանքին միացնելու իրաւունքը պաշտօնապէս ճանչնալ: Անգամ մը եւս հայ կնոջ քուէարկելու իրաւունքը քաղաքական եւ ընկերային բարեկարգութիւն ըլլալէ աւելի, ազգային վերականգնումի կարիքներուն կը ծառայէ:
Հազիւ 2 տարուան անկախութենէն ետք, Հայաստանի խորհրդայնացումը նոր բաժանումներ ստեղծեց հայրենի եւ սփիւռքահայ զանգուածներուն միջեւ: Այս բաժանումները ոչ միայն ազգային-քաղաքական, այլեւ մշակութային բնոյթ ունէին եւ ընկերա-բարոյական աւանդական չափանիշներու խախտում կ՛առաջացնէին:
Համայնավարութեան տապալումէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հաստատումէն երկու տասնամեակ ետք, հասարակակակ վաստակի տէր հայ կինը անգամ մը եւս հայութեան բաժանումները կամրջելու եւ հայութիւնը միաւորող գաղափարներ զարգացնելու կոչուած է՝ մէկ եւ անբաժանելի հայութեան սկզբունքով: Յիշենք, Արցախի հերոսամարտիկ Ժաննա Գալստեանի օրինակը. երբ հարց կու տան, թէ ո՞րն էր իր հայրենիքը՝ Արցա՞խը թէ Հայաստանը, տիպար հայուհին կը պատասխանէ.- «Թէ՛ Արցախը, թէ՛ Հայաստանը եւ թէ Արեւմտեան Հայաստանը»:
21րդ դարու սեմին, ՀՕՄի 100ամեակին եւ Հայ Կնոջ Տարիին առթիւ մեր ուղեգիծը պիտի ըլլայ.
Առաջին, մէկ եւ անբաժանելի հայութեան սկզբունքով հայրենիքի թէ սփիւռքի հասարակաց նպատակներուն շուրջ առաջացնել հայ կանանց կազմակերպումը, իրարօգնութիւնը եւ ծրագրուած աշխատանքներու գործադրութիւնը:
Երկրորդ, մէկ եւ անբաժանելի հայութեան սկզբունքով զօրաշարժի ենթարկել հայութեան ցրուած ուժերը՝ մարդկային իրաւունքներու եւ ազգային արդար դատերու պաշտպանութեան եւ զրկեալներուն կացութիւնը բարելաւելու համար:
Երրորդ, մէկ եւ անբաժանելի հայութեան սկզբունքով ժամանակին հետ քայլ պահել եւ դաստիարակութեան մակարդակի բարձրացումով միջազգային յառաջդիմութիւնները ազգային բարիքի վերածել:
Չորրորդ, մէկ եւ անբաժանելի հայութեան սկզբունքով հայ կնոջ գործօն մասնակցութիւնը եւ կարողութիւններուն արժեւորումը ապահովել հայրենիքի թէ սփիւռքի ազգային-քաղաքական կեանքին՝ հայ կնոջ եւ հայութեան ընկերային վերելքին ծառայելու ազնուագոյն առաքելութեան համար:
Մարտ 27, 2010