ՊԵՆԻԼԻՒՔՍ, «Նոյեան Տապան».- Ապրիլ 3-4ին, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան աշխատանքային այցով մեկնած էր Պելճիքա եւ Հոլանտա։
Ապրիլ 3ին, նախարարը Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Պենիլիւքսի երկիրներու Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ Տ. Զատիկ վարդապետի ու եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան խորհուրդի անդամներուն հետ՝ քննարկելով Հայաստանի եւ տեղի հայ համայնքի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ կրթական ու կազմակերպչական խնդիրներու լուծման ուղղուած հարցեր:
Նոյն օրը երեկոյեան, Պրիւքսելի մէջ կայացած է Հայաստանի դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած հանդիպում մը՝ նախարարին եւ համայնքի գործիչներուն ու հասարակական, մշակութային, կրթական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ: Հանդիպման ընթացքին նախարար Յակոբեան ներկայացուցած է «Արի տուն» ծրագիրը, ինչպէս նաեւ՝ գիտական, իրաւական ու այլ ոլորտներու մասնագէտներ Հայաստանի շուրջ համախմբելու միտող նախագիծեր:
Սփիւռքի նախարարը նաեւ հանդիպած է Անթուըրպ քաղաքի Հայկական կազմակերպութիւններու դաշնութեան ներկայացուցիչներուն հետ եւ քննարկած համայնքը յուզող մշակութային ու կրթական առօրեայ խնդիրներ։
Հոլանտայի մէջ նախարարը հանդիպում ունեցած է գործող բոլոր հայկական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց ներկայացուցած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան 2010ի համահայկական ծրագիրները՝ յորդորելով համայնքային կառոյցները աւելի աշխոյժ մասնակցութիւն ցուցաբերել անոնց նկատմամբ:
Նախարար Հ. Յակոբեանը նախարարութեան պատուոգիրը յանձնած է Նայմենի «Միացեալ հայերը Հոլանտայի մէջ» կազմակերպութեան ղեկավար եւ «Վան» կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն Սուետա Աբրահամեանին:
Իսկ Ապրիլ 4ին, Հ. Յակոբեան այցելած է Ամսթերտամի Ս. Հոգի եկեղեցին, ծանօթացած է եկեղեցւոյ պատմութեան եւ հոն իրականացուող նորոգութեան աշխատանքներուն: Նոյն օրը, Ամսթերտամի մէջ նախարարը ներկայ եղած է Յարութեան տօնի պատարագին, այնուհետեւ այցելած է «Sporthallen Zuid» մարզասրահը, ուր տեղի կ՛ունենային եւրոհայկական մարզական խաղեր: Նախարարը յաղթողներուն յանձնած է նախարարութեան պատուոգիրներ, իսկ մասնակից հայկական խումբերուն (12 երկիրներէ 16 խումբեր)՝ շնորհակալագիրներ:
Նոյն օրը երեկոյեան, նախարարը հանդիպած է հոլանտահայ գործարարներու եւ յորդորած՝ աւելի աշխոյժ ըլլալ հայապահպանութեան գործին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.