ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեանի մամլոյ քարտուղար Արմէն Արզումանեան Հինգշաբթի, Ապրիլ 8ին, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է, թէ Հայաստանի նախագահը ընդունած է Ուաշինկթըն իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունենալու՝ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի առաջարկը։
Թուրքիոյ վարչապետը Հայաստանի նախագահին հետ հանդիպում մը խնդրած էր իր յատուկ պատուիրակին՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի միջոցով, զոր Սերժ Սարգսեանը ընդունած էր Չորեքշաբթի օր։
Հայաստանի նախագահն ու Թուրքիոյ վարչապետը Ուաշինկթընի մէջ պիտի մասնակցին Ապրիլ 12-13ին կայանալիք հիւլէական ապահովութեան հարցերով վեհաժողովին։ Թէեւ Սարգսեան-Էրտողան հանդիպման ստոյգ օրը յայտնի չէ, սակայն այդ մէկը անոնց առաջին հանդիպումը պիտի ըլլայ:
Միւս կողմէ, Էրտողան ֆրանսացի գործարարներու հետ Չորեքշաբթի երեկոյեան ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Հայաստանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւններու գործընթացէն ետքայլ ընելու հարց չկայ, ու աւելցուց. «Թուրքիա կը հաւատայ միջազգային իրաւական սկզբունքներուն եւ վճռակամ է միջազգային պայմանագրերուն հաւատարիմ մնալու հարցին մէջ։ Այս ծիրէն ներս, հաւատարիմ պիտի մնանք նաեւ Զուիցերիոյ մէջ ստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա փրոթոքոլներուն։ Փրոթոքոլներէն ետքայլ ընելը խնդրոյ առարկայ չէ եւ եթէ արտակարգ զարգացում մը չպատահի, փրոթոքոլները կեանքի պիտի կոչուին։ Թուրքիա իր պատմական յիշողութիւնը ուրիշին պարտադրելու ցանկութիւն չունի, բայց ատոր փոխարէն, պիտի չարտօնէ, որ ուրիշներն ալ իրենց պատմական յիշողութիւնը պարտադրեն Թուրքիոյ», ըսաւ Էրտողան՝ կրկնելով, որ «Պատմաբաններու յանձնախումբի մը հաստատումը շատ օգտակար պիտի ըլլայ»:
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Էլիզէի պալատին մէջ Թուրքիոյ վարչապետին հետ հանդիպումին ընթացքին, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յայտարարած է, որ Ֆրանսա կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, եւ պատրաստ է օժանդակելու, որպէսզի կողմերը համաձայնութեան հասնին։ Ֆրանսայի նախագահը ընդգծած է նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները կարելի եղածին չափ շուտ վաւերացնելու անհրաժեշտութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.