ՊՈԼԻՍ.- Ըստ թրքական «Սապահ» օրաթերթին, Անգարա Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային յղած է պատգամներ, որոնց մէջ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յստակացուցած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման նկատմամբ իր դիրքորոշումը։
Երեւան ղրկուած ուղերձը հետեւեալն է.
1. Հայաստան-Թուրքիա մերձեցման գործընթացը կախեալ է թէ՛ Անգարայի, թէ՛ Երեւանի քաղաքական կամքէն։
2. Արձանագրութիւններու վաւերացման համար անհրաժեշտ է թոյլ չտալ, որ հայկական Սփիւռքը խառնուի այս գործընթացներուն։
3. Անհրաժեշտ է Մինսկեան գործընթացը համատեղ քննել արձանագրութեանց գործընթացին հետ։
Ուաշինկթընի հասցէագրուած պատգամին մէջ Անգարա կը պահանջէ՝
1. Ուաշինկթըն պէտք է Երեւանէն պահանջէ ընդունիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման Մատրիտեան սկզբունքները։
2. Ուաշինկթըն պէտք է հանդէս գայ իբրեւ միջնորդ, ինչպէս Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման, այնպէս ալ ղարաբաղեան հարցին մէջ։
Իր ուղերձին մէջ Անգարա նաեւ նշած է, որ երբե՛ք մինակ պիտի չձգէ Ատրպէյճանը։
Նաեւ, թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւի որդեգրումէն ետք Անգարա կանչուած Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թան, Երեքշաբթի օր մեկնած է Ուաշինկթըն։
Նախքան Միացեալ Նահանգներ մեկնումը, Թան օդակայանին մէջ յայտարարած է. «Միացեալ Նահանգներու կողմէ ստացանք գոհացուցիչ պատգամներ։ Կը վերադառնամ Ուաշինկթըն իմ պարտականութիւններուս։ Այնտեղ պիտի դիմաւորեմ վարչապետ Էրտողանն ու արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուն»։
Ան յոյս յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա երկկողմանի յարաբերութիւններու դրական մթնոլորտը կը պահպանուի։
Նշենք, որ Ապրիլ 12-13ին Ուաշինկթընի մէջ տեղի պիտի ունենայ հիւլէական ապահովութեան նուիրուած միջազգային ժողով մը, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ վարչապետը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.