Երանի Թէ Երկարէր Չարչարանքը
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Դարձեալ Աւագ շաբաթ է:
Ինչ տխուր է աշխարհը, երբ զայն կը դիտենք մեր սեփական աչքերով, Քրիտոսի ծնունդէն երկու հազար եւ աւելի տարիներ ետք:
Մէկ խօսքով՝ մեր շուրջը գոյութիւն ունի եւ կամ կ՛ապրի խտացած դժբախտութիւն մը, որ սարսափ կ՛ազդէ ե՛ւ դիտողին ե՛ւ թէ ապրողին:
Ի~նչ տարօրինակութիւն եւ միաժամանակ. ի~նչ գեղեցկութիւն:
Այս վիճակին մէջ տակաւին ոմամք, ապագային նկատմամբ լաւատես են. ոչ յուսահատութիւնը եւ ոչ ալ աշխարհի մարդոց ֆիզիքական եւ հոգեկան փլատակ տեսարանները չորցուցած են իրենց եռանդը:
Ու մեկնելով ներկայ աշխարհի եւ հոն բնակութիւն հաստատած մարդոց իրավիճակէն երբեմն ես ինծի հարց կու տամ եւ աւելին՝ կը մտածեմ, ճիշդ է, որ քրիստոնէութիւնը մենք հայերս չենք, որ զայն ստեղծած կամ հնարած ենք, բայց երբ վերստին փորձեմ այս կրօնքին Ս. Գիրքը կարդալ կամ սերտել, արդեօք նորութիւն մը պիտի կարենամ գտնել:
Ու անկեղծ ըսելով երբ միշտ ականջիս կը հասնին երկրորդ գալստեան մը մասին, երկարօրէն կը մտածեմ, թէ այս օրերուն Ինք՝ Քրիստոս ինչպէ՞ս կրնայ ներկայանալ մարդոց:
Արդեօք պիտի կարենա՞յ զարմացնել բոլորը՝ հաւատացեալներն ու անհաւատները, թէ ոչ ինք՝ միակը պիտի զարմանայ:
Խնդրեմ պատասխանեցէք:
Ի՞նչ պիտի ըլլայ հոգեվիճակը այն մարդուն, որ տակաւին չուզեր ճանչնալ Յիսուսի գոյութիւնը, կամ տակաւին անտեղեակ է եւ կամ ալ սարսափելին՝ ան նոյնիսկ յուսախաբ է անոր էութեամբ:
Արդեօք նոյն այդ ադամորդին պիտի մտահոգուի՞, թէ ոչ պիտի սփոփուի:
Արդեօ՞ք այս հոգեվիճակը ապրողները պիտի կարենան իրենց հարազատ եւ յատուկ նոր Յիսուսը գտնել, ստեղծել, պաշտել եւ կամ ալ մարմնաւորել:
Եւ կամ ալ անոնց նոր գտած Յիսուսը պիտի կարենա՞յ զիրենք փրկել այս մեծ քաոսէն մարդոց ձեռքերով ու միտքերու յղացումով ծնունդ առած այս անօրինակ եւ անտանելի քաոսէն:
Եւ այս բոլորէն ետք…հապա մե՞նք…:
Մե՛նք. որ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգի զաւակներն ենք, արդեօք մեզի համար ի՞նչ արժէք կը ներկայացնեն այսօր մեր շարականները, մեր աղօթքները, մեր հոգեւորականներն ու մեր եկեղեցիները:
Որո՞ւ համար կ՛երգուին այս շարականները… մեր ծերերուն, թէ ոչ երիտասարդներուն եւ ո՞վ է աղօթք բարձացնողը:
Շարական, աղօթք, հոգեւորական դաս, մոմ, խունկ…ի՞նչ արժէք կը ներկայացնեն: Ո՞ւր է մեր կապը մեր հաւատքին, մեր եկեղեցւոյ եւ կամ անոր ծառայողներուն
միջեւ: Որքանո՞վ հաւատացեալ ենք:
Արդեօք մեզի համար կարեւորը ե՞րգն է, թէ ոչ երգիչը:
Մեր հաւատքէն, մեր եկեղեցիէն կամ մեր եկեղեցականէն ի՞նչ են մեր ուզածները, մեր պահանջածները, մեր ակնկալութիւնները…եթէ անշուշտ նման բաներ ունինք:
Ի՞նչ է մեր կեանքին իմաստը, երբ դարերու նոյն աւետարանը կայ եւ կ՛ապրի, կը շնչէ եւ որ դարերէ ի վեր իրեն յատուկ միջոցներով կը պայքարի իր գոյատեւման համար:
Քրիստոսի չարչարանքի այս շաբթուան մէջ, ի տես ապրած կեանքիս իրականութեան, նման հարցումներ մտքիս մէջ ինքնածին իրար կը հրմշտկեն եւ որոնք անհամբերներու անկարգութեամբ իրարու կը յաջորդեն:
Գիտեմ, լաւ գիտեմ, որ շատեր այս բոլոր հարցումներէս ետք զիս տարբեր աչքով պիտի դիտեն: Բոլորովին տարբեր, կասկածոտ եւ թերեւս ալ յուսախաբ:
Բայց հարազատօրէն արտայայտուելով ես իմ այս հարցումներուն յստակ պատասխանը չունիմ տակաւին:
Իմ մօտս չեն:
Ճշգրիտ, յստակ, մաքուր եւ ուղիղ:
Անոր համար է, որ կը դիմեմ ձեզի, օտարին, միւսին:
Վերջին հաշուով պատասխան մը կը փնտռեմ, որ իր հետ պիտի բերէ նաեւ կապոյտ հանդարտութիւնը եւ անդորրութիւնը մտքիս կամ բոլոր մտահոգ մտքերուն:
Սակայն հակառակ այս բոլորին, կը խոստովանիմ, որ Աւագ շաբաթ կոչուած քանի մը օրերու այս համարանքը, Քրիստոսի հետ ժամադրութեան ամէնէն գեղեցիկ շաբաթն է:
Որովհետեւ, սովորոկան խունկը ծուխի կը փոխուի, արցունքը զարդարանքի:
Եւ աւելին՝ ինծի համար անգամ մը եւս Յիսուս Ինք կը դառնայ մահուան եւ կեանքի ծաղիկը, հոգիի եւ մարմնի մեծ յոյսը:
Ու հետաքրքրական է յիշել, թէ Յիսուս իր բովանդակ կեանքը ապրեցաւ հասնելու համար այս շաբթուան, օրինակելի տանջանքի մը գագաթնակէտը խորհրդանշող այս օրերուն:
Որովհետեւ կը կարծեմ Ինքն է՝ մինակը, իր անձին վրայ ունեցած իր հաստատ եւ անկեղծ հաւատքով քրիստոնէութեան բանաստեղծութիւնը:
Ու երբ մօտէն հետեւինք Աւագ շաբթուան շուրջը ստեղծուած մթնոլորտին, կը տեսնենք, որ այս տօնը հետզհետէ առեւտրական բնոյթ ստանալով սկսած է կորսնցնել իր սրբութիւնը, իր արժէքը, իր թարմութիւնը եւ մանաւանդ իր մեծ հմայքը:
Ու մեծ գաղտնիք մը չէ, այլ յստակ տեսանելի էն մեծ Վարդապետին պաշտօնեան-ներուն եւ անոնց հետեւորդ ժողովուրդին միջեւ գտնուող կապին մաշումը, չըսելու համար թէ նոյնիսկ փտտումը:
Այս շաբթուան չարչարանքի եւ յարութեան նշանները, որոնք նախապէս կը կախարդէին մեզ, կը տաքցնէին մեր ցուրտ մտքերն ու հոգիները, այժմ դարձած են սովորական պարզ եւ նոյնիսկ՝ անիրական:
Որովհետեւ…
Որովհետեւ այսօր մենք, պարզ մահկանացուներս ամէն օր կ՛ապրինք նոյն կամ նմանօրինակ տանջանքն ու չարչարանքը:
Հաւատացէ՛ք, ամէն անգամ, որ երկու հոգի իրարու հանդիպին, իրենց միջեւ կը ստեղծուի չարչարանքի եւ տանջանքի սովորական պատմութիւն մը:
Այսօր, հիմա արդէն նշանները բաժնուած են ու Քրիստոսը առանձինը չէ, որ խաչուած է այլեւս: Մենք ալ՝ իբրեւ անհատ կամ ժողովուրդ մենք ալ մեր ազգային կամ անհատական ճակատագրին բերումով նոյն Գողգոթայէն կ՛անցնինք կամայ թէ ակամայ:
Այս մէկը յստակ է բոլորիս:
Յիսուս, Ինք յարութիւն առաւ եւ վերջ տուաւ իր չարչարանքներուն, հապա մենք…:
Մեր յարութիւնը սակայն կասկածի տակ է: Որովհետեւ ինքը, յարութեան տօնը, մեզի համար այլեւս դարձած է պարզ աւանդութիւն մը, ինչու չէ՝ սովորութիւն:
Միայն եկեղեցւոյ պաշտօնեաներուն կարելի չէ վերագրել այս երեւոյթը, այլ ներկայ մակերեսային մեր ըմբռնումներուն, մեր նիւթապաշտ կեցուածքին, մեր ծուռ խառնուածքին մեր նեղմտութեան, մեր նկարագրին ու աշխարհիկ մտածելակերպին:
Հաւանաբար մեզմէ շատեր ամէն օր կ՛աղօթեն, շարականներ կ՛երգեն, ծոմ կը պահեն, սուրբերու նկարներու դիմաց հաւատքով մոմեր կը վառեն, պահք կը բռնեն ու թերեւս իրենց ստեղծած այս մթնոլորտին շնորհիւ է, որ Քրիստոսի խաչելութեան ներկայ կը գտնուին, անով ալ կ՛ապրին:
Երանիներու շարքին պէտք է դասել նման մարդիկ, կամ հաւատացեալներ:
Հաւանաբար ալ բացառիկներ պէտք է անուանել:
Բայց, շատ հաւանաբար ալ մենք կամ բոլոր անոնք, որոնք տարբեր են վերեւ նշուածներէն՝ մէկ խօսքով բացառութիւն կազմողներէն, կ՛ուզենք որ Քրիստոս աստուածային իր առանձնաշնորհումներով, իր խաչելութենէն երկու օր ետք յարութիւն չառնէր, մեզ մօտ մնար, որովհետեւ մեր կարգին մենք ալ կը հաւատանք, որ Իր յարութեամբ աւարտած Իր տանջանքները, արժէքազրկեցին զինք:
Եւ ճիշդ անոր համար է, որ կ՛ըսեմ եւ կ՛ուզեմ ըսել…
Երանի թէ երկարէր տանջանքը:
Երանի թէ Աւագ Հինգշաբթին կամ Աւագ Ուրբաթը շաբաթներ շարունակուէին:
Որովհետեւ խաչելութիւնը, թէեւ կը յուզէ մեր սիրտը, կը փոթորկէ մեր մտքերը, սակայն եւ այնպէս հաստատապէս կ՛ազնուացնէ նաեւ մեր զգացումները:
Յիսուս յարութիւն առաւ ու այդ ձեւով վերջ գտաւ իր չարչարանքը ու վերջ գտաւ նաեւ իր հետաքրքրական պատմութիւնը, պայծառ, յստակ, սակայն հրաշքկախարդ պատմութիւնը:
Եւ աւելին, որպէսզի աւանդութիւնը նոր մնայ միշտ պէտք է անոր մէջ նորը հնարել: Կը կարծեմ, որ աւանդութիւն մը պէտք է միշտ վերանորոգուի, այլապէս կ՛իմաստազրկուի:
Բայց:
Գեղեցիկ է, երբ Աստուած մը կը տանջուի:
Անոր համար է, որ կ՛ըսեմ, երանի երկարէր իր չարչարանքը:
Յիսուս շուտով շտապեց, յարութիւն առաւ եւ շուտով մըն ալ անոր հետ զուգահեռ ու անոր չափ ազդու՝ վերջ գտաւ նաեւ մեր մխիթարութիւնը:
Որովհետեւ, կը հաւատամ, որ իր չարչարանքով նոր սկսած էր մեր մխիթարութիւնը:
Ու ատոր համար… երանի թէ երկարէր իր չարչարանքը: