ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի ընտրութեանց մասնակցող Նայիրի Նահապետեանի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Քըրըն Փրայս որոշած է նեցուկ կանգնիլ Նահապետեանի ընտրապայքարին՝ միանալով Նայիրիի ընտրութեանց նեցուկ կանգնող նահանգային ծերակուտականներ Քարոլ Լիուի եւ Ալեքս Փատիայի:
Փրայս յայտարարեց, թէ Նահապետեան լաւագոյն թեկնածուն է Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի 43րդ ընտրատարածքի աթոռին համար՝ նկատի ունենալով Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանէն ներս անոր տարած դրուատելի աշխատանքը:
Նահապետեանի նեցուկ կանգնող քաղաքական դէմքերուն եւ կազմակերպութեանց ամբողջական ցանկը տեսնելու համար, այցելել անոր ընտրապայքարի համացանցային կայքը՝ VoteNayiri.com:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.