Կիրակի, 28 Մարտին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Արեւմտեան թեմի եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ եւ Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը խորհրդանշող թափօր՝ մասնակցութեամբ մանուկներու։
Ս. պատարագի ընթացքին, արմաւենիի ու ձիթենիի ճիւղերով զարդարուած էին եկեղեցիներուն մուտքերն ու խորանները. հաւատացեալներ եւս իրենց ձեռքերուն ունէին տօնական օրը խորհրդանշող ճիւղեր, իսկ մոմեր ի ձեռին, գունագեղ զգեստաւորուած մանուկներու թափօրը այլապէս յատուկ հմայք մը տուաւ արարողութեանց։
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, այս առիթով Ս. պատարագ մատուցանեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ եւ տուաւ օրուան խորհուրդը վեր առնող պատգամ մը։ Ս. Սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան։
Իր պատգամին մէջ, առաջնորդը անդրադարձաւ Երուսաղէմի մուտքին Քրիստոսը ցնծութեամբ դիմաւորող հաւատացեալներուն՝ նշելով. «Մենք ալ այսօր մաս կը կազմենք խումբին ճշմարիտ հաւատացեալներուն, որոնք խոր հաւատքով ընդունեցին Զինք ու Իր խոստացած փրկութիւնը։ Այս է պատճառը, որ Ծաղկազարդի տօնը խոր իմաստ կը զգենու եւ մեծ ազդեցութիւն ունի մեր կեանքին վրայ»:
Ապա, թափօրի ընթացքին, ան իր օրհնութիւնները բաշխեց մանուկին ու երէցին։ Արարողութեան ներկայ եղան ժողովականութեան ներկայացուցիչներ ու հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը։
Պատարագէն ետք, տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւն։ Դռնբացէքի կնքահայրն էր Տանիէլ Եղիա Սարաֆեան։