ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Երկուշաբթի, Մարտ 29ին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի միջեւ, Կիրակի օր հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցած է՝ թրքական կողմի նախաձեռնութեամբ։
Զրոյցի ընթացքին, Տաւութօղլու եւ Քլինթըն, այլ հարցերու շարքին քննարկած են նաեւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ վաւերացուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւին հարցը։
Ըստ հաղորդագրութեան, Քլինթըն Թուրքիոյ վստահեցուցած է, որ Սպիտակ տունը կը շարունակէ ընդդիմանալ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին։ Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ «Արտաքին գործոց նախարար Քլինթըն շեշտեց, թէ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կ՛ընդդիմանայ թէ՛ (Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց) յանձնախումբին կողմէ որդեգրուած բանաձեւին, եւ թէ այդ բանաձեւը (Ներկայացուցիչներու տան) լիագումար նիստին հասցնելու գաղափարին»։
Միւս կողմէ, «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պուրաք Էօզիւկերկի նշած է, որ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Տաւութօղլուն իր զրուցակիցին փոխանցած է թիւ 252 բանաձեւի վաւերացումին յառաջացուցած հիասթափութիւնը։
«Քլինթըն յիշեցուցած է, որ մեծ կարեւորութիւն կու տայ Ապրիլ 12-13ին Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք հիւլէական ապահովութեան նուիրուած ժողովին՝ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի մասնակցութեան», հաղորդած է նախարարութեան բանբերը։
Այս առնչութեամբ, Տաւութօղլու յայտնած է, որ Էրտողանի Միացեալ Նահանգներ կատարելիք այցելութեան հետ կապուած վերջնական որոշումը պիտի կայացուի յառաջիկայ քանի մը օրերուն։
Երկու երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարները քննած են նաեւ Միջին Արեւելքի, Իրանի եւ Իրաքի առնչուող հարցեր։