ՊՐԻՒՔՍԵԼ.- Թրքական լրատուամիջոցները Չորեքշաբթի, Մարտ 24ին կը հաղորդեն, թէ Թուրքիոյ պետական նախարար եւ փոխվարչապետ Ալի Պապաճան կոչ ըրած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին, որ յաւելեալ ջանք թափէ հայ-ատրպեճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար, պնդելով, որ Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացները «մէկ մեծ փաթեթի երկու կարեւոր մասերն են»։
Թուրքիոյ գործարարներու եւ արդիւնաբերողներու համախմբումի եւ Եւրոպական քաղաքականութեան կեդրոնի համատեղ ջանքերով կազմակերպուած ժողովին ընթացքին, Պապաճան անդրադարձած է նաեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերու վաւերացման՝ պնդելով, թէ այդ հարցը ուսումնասիրելու համար պէտք է ստեղծել պատմաբաններու յանձնախումբ, եւ նշելով. «Այդ հարցին երրորդ երկիրներու միջամտութիւնը կը բարդացնէ գործընթացը»։
Ժողովի ընթացքին խօսք առած է նաեւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարի կինը՝ Աննա Մարիա Պիլտ, որ Եւրոպական խորհրդարանի Քրիստոնեայ-դեմոկրատ խմբակցութեան անդամ է: Ան նշած է, որ Հայաստանն ու Թուրքիան իրենք պէտք է լուծեն իրենց միջեւ գտնուող հարցերը եւ ցաւ յայտնած է Շուէտի խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին վաւերացման համար: