ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Վերջերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան մեկենասութեամբ լոյս տեսաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի ստորագրութիւնը կրող հատոր մը եւս՝ «Կեանքը Արժէքներով Իմաստաւորել» խորագիրով: Գիրքի յառաջաբանին մէջ վեհափառը կը գրէ. «Բանասիրութեան կամ գեղարուեստական գրականութեան բնագաւառներէն ոեւէ մէկուն չի պատկանիր ներկայ հատորը: … Ընթերցողը այս էջերուն մէջ պիտի հանդիպի հովուապետի հովուական խօսքին, մտահոգութեան ու թելադրութեան՝ երբեմն քաղցր, երբեմն խիստ ոճով արտայայտուած»: Ապա, հայրապետը կը գրէ, թէ «Ներկայ հատորին պատգամն է ու միաժամանակ մարտահրաւէրը՝
Կառչիլ սիզբունքներո՛ւն՝ ո՛չ անձերուն,
Ճշմարտութեա՛ն՝ ո՛չ կեղծին,
Միջուկի՛ն՝ ո՛չ կեղեւին,
Խորքի՛ն՝ ո՛չ պղպջակին,
Ցորենի՝ն՝ ո՛չ որոմին,
Մնայունի՛ն՝ ո՛չ գնայունին,
Այլ խօսքով՝ արժէքին:
Արժէ՛քն է վաւերականը ու յաւիտենականը:
Ուստի, պէտք է կեանքը արժէքներո՛վ իմաստաւորել»:
492 էջեր պարփակող հատորը կը բաղկանայ ութ մասերէ՝ հետեւեալ վերնագիրներուն տակ հաւաքուած. Դէպի աստուածակեդրոն կեանք, Ի խնդիր հոգեւոր արժէքներու կենսագործման, Ծառայութիւն՝ հաւատքի ու սիրոյ ճանապարհ, Պահանջատիրութենէ՝ հատուցում, Կառչիկ արժէքներուն, Մարդակերտում՝ ողնասիւնը հայ կեանքին, Հայ կեանքը լուսարձակի տակ, Հայ կեանքը դիմագրաւող մտահոգութիւններ ու մարտահրաւէրներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.