ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Շուէտի Քրիստոնեայ սոցիալիստական դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահ Փիթըր Վէյտրուտ Մարտ 24ին Երեւանի մէջ կայացած հանդիպման մը ընթացքին յայտնած է, թէ վերջին 10 տարիներուն ընթացքին Շուէտի խորհրդարանը քննարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը, սակայն ընդունման համար հնարաւոր չէ եղած ապահովել մեծամասնութիւն, որովհետեւ ներկայացուած են շարք մը առարկութիւններ, ինչպէս՝ 1915ին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կատարուած իրադարձութիւններուն շուրջ բաւարար ուսումնասիրութիւններու բացակայութիւնը։ «Բաւական ուսումնասիրութիւններ եղան՝ հիմք ընդունելով ոչ միայն հայ կամ թուրք վերլուծաբաններու տեսակէտները, այլեւ անկախ փորձագէտներու: Եւ խորհրդարանի մեծամասնութեան կարծիքը այն է, որ 1915ին կատարուածը Ցեղասպանութիւն է: Կան նաեւ թուրք մտաւորականներ, որոնք կ՛ընդունին Հայոց Ցեղասպանութիւնը», յայտնած է Շուէտի խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կազմող կուսակցութեան նախագահը։
Անոր հաւաստումով, առարկութիւններ եղած են նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ: «Շատ կարեւոր է, որ այդ գործընթացը արդիւնաւէտ ըլլայ, սակայն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան պատասխանատուութիւնը բոլորինն է», շեշտած է Փ. Վէյտրուտ, ըստ որուն, եղած են նաեւ առարկութիւններ Շուէտ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վերաբերեալ։ «Շուէտը միշտ ալ աջակցած է Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցելու հարցին: Մենք հիմա ալ կը շարունակենք այդ ուղղութեամբ աշխատիլ, սակայն Թուրքիան պէտք է հաշուի նստի իր անցեալին հետ», ընդգծած է Փ. Վէյտրուտ՝ յոյս յայտնելով, որ Հայաստանն ու Թուրքիան այդ բանաձեւը պիտի օգտագործեն հաշտութեան համար:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ վարչապետին՝ հայերը Թուրքիայէն վտարելու մասին յայտարարութեան՝ Փ. Վէյտրուտ նշած է, որ երեւոյթը շատ ցաւալի է։ «Ատիկա սխալ քայլ էր վարչապետին կողմէ: Սակայն այն փաստը, որ ան փորձած է ետ կանգնիլ իր ըսածէն, արդէն որոշ բան մը կը նշանակէ», յայտնած է շուէտական կուսակցութեան նախագահը:
Նշենք, որ Փիթըր Վէյտրուտ Հայաստան ժամանած է՝ մասնակցելու համար ՀՅԴի կազմակերպութեամբ Մարտ 25-26ին կայանալիք «Սոցիալիստական մօտեցումներ Հայաստանի մարտահրաւէրներին, կլոպալ հեռանկարներ-տեղական իրողութիւններ» թեմայով խորհրադաժողովին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.