ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան համաձայն, նախագահ Բակօ Սահակեան Մարտ 23ին ընդունած է Շուշիի ջարդերու 90ամեայ եւ Պաքուի ջարդերու 20ամեայ տարելիցներուն նուիրուած միջազգային գիտագործնական խորհրդաժողովի խումբ մը մասնակիցներ:
Իր խօսքին մէջ, երկրին ղեկավարը կարեւոր համարած է Արցախի մէջ նման խորհրդաժողովի մը իրականացումը՝ նշելով, որ Շուշիի եւ Պաքուի ջարդերը մեր ժողովուրդի պատմութեան ամենաողբերգական էջերէն են եւ կը հանդիսանան միեւնոյն պատմաքաղաքական շղթային օղակներ:
Բակօ Սահակեան ընդգծած է, որ ապագային նման զարգացումներ բացառելու համար, անհրաժեշտ է լաւ ուսումնասիրել զանոնք՝ դիտարկելով պատմական, քաղաքական, մշակութային, ազգագրական, տնտեսական եւ այլ տեսանկիւններէ:
Նախագահը նաեւ նշած է, որ խորհրդաժողովի իրականացումով պէտք չէ սահմանափակուիլ, այլ սկսած աշխատանքները պէտք է շարունակական բնոյթ կրեն:
Նշենք, որ հանդիպման մասնակցած են նաեւ ԼՂՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Վլադիկ Խաչատրեանը եւ մշակոյթի ու երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.