ՍՈՉԻ.- Սոչիի (Ռուսիա) մէջ լոյս տեսաւ «Հայկական Լրաբեր» («Արմեանսքի Վեսթնիք») թերթի անդրանիկ թիւը։
Սոչիի «Սեւան» համայնքի 8 էջնոց պարբերականը կը տպագրուի հայերէն եւ ռուսերէն լեզուներով: Թերթի գլխաւոր խմբագիր Անահիտ Անտոնեանը կը տեղեկացնէ, որ պարբերականը պիտի ունենայ մնայուն խորագիրներ, որոնց կարգին անջատ էջ մը պիտի կազմէ Մեսրոպեան տառերու ուսուցման բաժինը։ Դասերը պիտի ընթանան ըստ հայերէն լեզուի ինքնուսոյցներէն մէկուն։
Թերթին մէջ պիտի ներկայացուին նաեւ պատմական ակնարկներ։ Ան պիտի անդրադառնայ ո՛չ միայն Սոչիի համայնքին, այլ նաեւ ամբողջ երկրի քաղաքական, հասարակական կեանքի կարեւոր իրադարձութիւններուն, միջազգային յարաբերութիւններուն, 2014ի ձմեռնային ողիմպիականներու մեծածաւալ միջոցառումներուն, եւ այլն։
Հայաստանի նորութիւնները, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայութեան նորութիւնները նոյնպէս տեղ պիտի գտնեն «Հայկական Լրաբեր»ին մէջ։ Պիտի ներկայացուին հայկական կրթօճախները, ուր կը դասաւանդուին հայագիտական առարկաներ, նաեւ երաժշտական խումբեր, հայկական պարի ու ասմունքի խումբեր, կիրակնօրեայ դպրոցներն ու հայկական եկեղեցիները, հայկական պետական կամ եկեղեցական տօներն ու ծէսերը։
Յատուկ էջի մը վրայ պիտի լուսաբանուին Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը, յայտարարութիւնները, միջոցառումները, համահայկական մրցումները, ինչպէս նաեւ «Արի տուն», «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» եւ այլ ծրագիրներ։