ՄՈՍԿՈՒԱ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Երկուշաբթի, Մարտ 22ի երեկոյեան ռուսական «Օ.Առ.Թի.» պատկերասփիւռէն հեռարձակուող Վլատիմիր Փոզների յայտագիրին ընդմէջէն յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու գործընթացին մաս կազմող Պատմական հարցերու յանձնախումբը կազմուելու ընթացքի մէջ է։
Պատասխանելով սոչիաբնակ հայու մը այն հարցումին, թէ՝ ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «մոռցած է» նախընտրական արշաւի ժամանակ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման համար իր տուած խոստումը, Քլինթըն պատասխանած է, որ ոչ ոք ոչինչ մոռցած է, պարզապէս, կարեւոր է այն գործընթացը, որ այժմ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ։
«Ես ներկայ եղած եմ Ցիւրիխի մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած շարք մը համաձայնագիրներու ստորագրութեան, որ կատարուեցաւ երկու երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ: Այդ համաձայնութեան պայմաններէն մէկն էր ստեղծումը պատմական հարցեր քննող յանձնախումբի մը, որ պիտի զբաղի անցեալի հետ կապուած խնդիրներով։ Ես կը կարծեմ, որ այս ճիշդ մօտեցում մըն է: Ես բազմաթիւ անգամներ ըսած եմ, որ չենք կրնար փոխել մեզի բաժին ինկած անցեալը, մենք կրնան միայն հասնիլ աւելի լաւ ապագայի», ըսած է Քլինթըն։
Փոզների այն հարցումին, թէ՝ յանձնախումբը արդէն իսկ գոյութիւն ունի՞, Քլինթըն պատասխանած է. «Անիկա ստեղծման փուլին մէջ է»։
Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակի պաշտօնակատար Տիգրան Բալայեան Երեքշաբթի օր ընդգծեց, որ «Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը չի դիտարկւում որպէս քննարկման առարկայ»:
«Ինչպէս բազմիցս արտայայտել են հանրապետութեան նախագահը եւ արտգործնախարարը, Ցեղասպանութեան փաստը քննարկման ենթակայ չէ. Հայաստանը չի քննարկել, ոչ էլ քննարկելու Ցեղասպանութեան փաստը», ընդգծեց Բալայեան: