Ինչպէս հանրութիւնը տեղեակ է արդէն, 2010 թուականը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Հայրապետի կողմէ «Հայ Կնոջ տարի» հռչակուած է եւ այս առիթով հրապարակած իր պատգամին մէջ վեհափառ հայրապետը համապարփակ կերպով արժեւորած է հայ կնոջ, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի իւրայատուկ տեղն ու դերը հայ կեանքէն ներս:
Հայ կնոջ կարեւոր դերին մասին հանրութիւնը տեղեակ պահելու եւ անոր ստեղծագործական աշխարհը եւ արժանիքները բացայայտելու նպատակով, ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպած է հրապարակային դասախօսական ձեռնարկ մը՝ «Հայ Կնոջ Ձայնը 21րդ Դարուն» ընդհանուր խորագրի տակ, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 27 Մարտ 2010, երեկոյեան Ժամը 6ին, Կլէնտէյլի Կեդրոնական Գրադարանին մէջ, 222 E. Harvard St., Glendale, CA.
Ձեռնարկին պիտի դասախօսեն երեք ծանօթ կին մտաւորականներ, որոնք իրենց գործունէութեամբ եւ գիտութեամբ նպաստած են գաղութի ազգային կեանքի զարգացման: Այսպէս.
Սոնա Զէյթլեան պիտի դասախօսէ «Հայ Կնոջ Պատմութիւնը Ցեղասպանութենէն Առաջ» շահեկան նիւթին մասին, դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան՝ «Շարունակուող Տառապանք: Եղեռնը Վերապրած, Եղեռնի Զոհ Հայուհին Թուրքիոյ Մէջ» նիւթի մասին, դոկտ. Դալար Շահինեան՝ «Բազմապատկանելիութիւն եւ Ենթաբաժանեալ Կեանքեր. Ժամանակակից Հայ Կինը իր Խոհերով» նիւթի շուրջ:
Դասախօսութիւններուն առընթեր, տեղի պիտի ունենայ նաեւ հայ կնոջական արուեստի ցուցադրութիւն:
Սիրով կը հրաւիրենք շրջանի հայութիւնը ներկայ գտնուելու խիստ հետաքրքրական այս դասախօսական եւ արուեստի ցուցադրութեան ձեռնարկին:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի է հեռաձայնել ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակը (818) 500-1343 թիւին կամ դիմել office@arswestusa.org հասցէով: Կարելի է նաեւ այցելել ՀՕՄի www.arswestusa.org կայքէջը: Նիւթերը պիտի ներկայացուին հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Մուտքը ազատ է: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ հիւրասիրութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.