ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին, Ուրբաթ, Մարտ 12ի Երեկոյեան ժամը 7ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»ի մամլոյ 38րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «ՀՅԴ արխիւները»։ Հաւաքին ներկայ էին մեծ թիւով մտաւորականներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ երիտասարդներ։ Լսարանին զեկուցաբերներն էին ՀՅԴ Արխիւներու հիմնարկի տնօրէն Վաչէ Բրուտեան եւ ՀՅԴ Արխիւներու հիմնարկի հրատարակչատան բաժանմունքի պատասխանատու Երուանդ Փամպուքեան։
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան, որ նշեց, թէ ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 120ամեակին սեմին, կուսակցութիւնը կուտակած է մեծ փորձառութիւն՝ ժառանգ ձգելով հետագայ սերունդներուն։ Ան աւելցուց, որ այդ փորձառութիւնը նաեւ կը փոխանցուի գրաւոր ձեւով՝ պահուած արխիւներուն եւ գործունէութեան մասին արձանագրութիւններուն ընդմէջէն, որոնց ուսումնասիրութեան միջոցով կարելի կ՛ըլլայ լուսաբանել պատմութեան վերաբերող զանազան երեւոյթներ։
Ժաք Յակոբեան ըսաւ, թէ ՀՅԴ արխիւներու թեման շատ ընդգրկուն նիւթ մըն է, քանի որ 120 տարիներու ընթացքին Դաշնակցութեան արխիւներուն մէջ հաւաքուած են մեծածաւալ նիւթեր, որոնց մասին որոշ պատկերացում մը կազմելու համար կարեւոր աղբիւր է «Նիւթեր Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութեան համար» հատորներու շարքը։
Լսարանի առաջին զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Արխիւներու հիմնարկի տնօրէն Վաչէ Բրուտեանը, որ հաստատեց, թէ արխիւները անցեալին չեն պատկանիր, քանի որ Դաշնակցութեան արխիւները ներշնչող նկարագիր ունին, եւ այդ տուեալները անհատները առնչակից կը դարձնեն պատմութեան հետ։ Բրուտեան յայտնեց, որ Դաշնակցութեան արխիւները հսկայական հարստութիւն են, որոնք օրըստօրէ համապատասխան ուսումնասիրութիւններու կ՛ենթարկուին, որպէսզի անոնց բովանդակութիւնն ու ոգին դառնայ ընթերցողներուն եւ ուսումնասիրողներուն սեփականութիւնը:
ՀՅԴ Արխիւներու հիմնարկին տնօրէնը աւելցուց, թէ կուսակցութեան արխիւները այսօրուան համար ունին իրենց թելադրականութիւնը։ Բրուտեան նշեց, որ ՀՅԴ արխիւներուն հաւաքագրման ու կազմաւորման աշխատանքները նոր ժամանակներուն սկիզբ չեն առած, այլ այդ գործը իւրաքանչիւր հանգրուանի, կարելի պայմաններու մէջ կատարուած է՝ առաւելագոյն չափով պահպանելու համար անոնց արժէքն ու բովանդակութիւնը։
Իսկ օրուան երկրորդ զեկուցաբեր Երուանդ Փամպուքեան յայտնեց, թէ «Նիւթեր Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութեան համար» խորագիրը 1904էն արդէն գոյութիւն ունէր, եւ պատահականութեան արդիւնք չէ, որ Հրաչ Տասնապետեան հետագային ՀՅԴ պատմութեան հատորներուն տուած է այդ անուանումը։
Փամպուքեան ըսաւ, թէ արխիւներու ուսումնասիրութեան առաջին լուրջ փորձը կատարած է Սիմոն Վրացեանը։ Ան այդ աշխատանքներուն սկսած է 1930ական թուականներուն, երբ «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ հրատարակած է արխիւային նիւթեր։ Ան հաստատեց, որ Վրացեան օրին խորապէս ուսումնասիրած է ՀՅԴ արխիւները, որոնց մասին հետագային ալ ունեցած է շարք մը հրատարակութիւններ։ Երուանդ Փամպուքեան աւելցուց, որ Վրացեանէն ետք Հրաչ Տասնապետեան ստանձնած է արխիւներու հրատարակման աշխատանքը, որ որոշումն էր ՀՅԴ 19րդ Ընդհանուր ժողովին, եւ որուն իբրեւ արդիւնք հրատարակուած են ՀՅԴ պատմութեան չորս հատորները։ Ան աւելցուց, որ հետագային «Նիւթեր Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութեան համար» հատորներու հինգերորդին հրատարակութեան պատասխանատուութիւնը ինք ստանձնած է, իսկ 6րդ հատորը արդէն յառաջիկայ օրերուն տպագրութեան պիտի յանձնուի, մինչ 7րդին աշխատանքները ընթացքի մէջ են։
Ձեռնարկի աւարտին Բրուտեան եւ Փամպուքեան պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն՝ խօսելով ՀՅԴ Արխիւներու հիմնարկին հեռակայ ծրագիրներուն, արխիւներու պահպանման հոլովոյթին, Հայաստանի պետութեան մօտեցումներուն, նոր արխիւներ հաւաքագրելու հոլովոյթին ու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս արխիւներուն հետ կապուած այլ նիւթերու մասին։
«ԱԶԴԱԿ»Ի ՄԱՄԼՈՅ 38ՐԴ ԼՍԱՐԱՆ