ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- «Պրուքինկզ» հիմնարկին մէջ Երեքշաբթի, Մարտ 16ին ունեցած իր ելոյթին ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ֆիլիփ Կորտըն հերքեց այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, Սպիտակ տան եւ Քոնկրեսի դեմոկրատ ղեկավարներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է՝ կասեցնելու համար Ցեղասպանութեան բանաձեւին քննարկումը Քոնկրեսին մէջ, հակառակ այն իրողութեան, որ Օպամայի վարչակազմը կը շարունակէ ընդդիմանալ բանաձեւին:
Արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ եւ քոնկրեսական Ճորճ Ռատանովիչ (Քալիֆորնիա, հանրապետական) նախապէս յայտարարած էին, թէ նման համաձայնութիւն մը կրնայ գոյանալ:
Կորտըն նաեւ անհիմն համարեց այն պնդումները, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները բնականոնացնելու գործընթացը կասեցուած է, միաժամանակ ընդունեց, թէ բանաձեւին վաւերացումը դժուարացուցած է այդ գործընթացը:
Ռատանովիչ «Ամերիկայի Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր նաեւ, թէ ներկայիս չ՛ակնկալուիր, որ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ վաւերացուած թիւ 252 բանաձեւը ներառուի Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստի օրակարգին վրայ։
«Որքան գիտեմ, Օպամայի վարչակազմը եւ Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութիւնը կրնան համաձայնութեան մը գալ այս հարցով, սակայն Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքը պէտք է շարունակէ իր ճնշումները բանաձեւի հարցին մէջ եւ պատրաստ ըլլայ. ի վերջոյ, այդ բանաձեւը օր մը պիտի յայտնուի լիագումար նիստի օրակարգին վրայ», յայտարարած է ան։
Ռատանովիչ բանաձեւի քուէարկութեան ժամանակ դէմ քուէարկողներուն մեծ քանակը բացատրած է քոնկրեսականներուն վրայ բանեցուած ճնշումներով։ «Այս տարի ճնշումները բաւական շատ էին։ Լուրջ դիմադրութիւն կը նկատուէր արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ։ Եւ արտաքին գործոց նախարարութեան այն դիրքորոշումը, թէ բանաձեւի վաւերացումը սխալ պիտի ըլլայ, ինքնաբերաբար լուրջ ճնշումներ կը գործադրէր քոնկրեսականներուն նկատմամբ», նշած է Ռատանովիչ։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ՝ Քոնկրեսի լիագումար նիստին մէջ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին վաւերացումը արդեօ՞ք պիտի վնասէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, Ճորճ Ռատանովիչ յայտարարած է. «Բանաձեւի վաւերացման պարագային, թուրքերը երեք ամիս պիտի տխրին եւ նեղանան, ապա յարաբերութիւնները պիտի վերադառնան իրենց բնականոն հունին, որովհետեւ, ինչպէս Միացեալ Նահանգները Թուրքիոյ կարիքն ունի, նոյնպէս ալ Թուրքիան՝ Միացեալ Նահանգներուն։ Իսկ ատիկա այն հարցը չէ, որուն համար կ՛արժէ փճացնել յարաբերութիւնները»։