ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հանրային խորհուրդի Կրօնի, սփիւռքի եւ միջազգային ներընդգրկման հարցերով յանձնաժողովին կայացուցած Մարտ 15ի նիստին ընթացքին շարք մը այլ առաջադրանքներու կողքին, առաջարկուած է նաեւ ստեղծել յատուկ յանձնաժողով մը՝ նշելու համար Գանձասարի օծման 770ամեակը: Ըստ պատմական ազգային արժէքներու, յուշարձաններու պահպանութեան, պատկանելութեան եւ օգտագործման խնդիրներու ենթայանձնաժողովի նախագահ Ժասմէն Ասրեանի, յանձնաժողովին մէջ պիտի ընդգրկուին ԼՂՀի եւ Հայաստանի համապատասխան կառոյցներու ներկայացուցիչներ, որոնք պիտի մշակեն ձեռնարկներուն ցանկը։
Նկատի ունենալով, որ եկեղեցւոյ օծումը տեղի ունեցած է 1240ին, Վարդավառի օրը, ենթայանձնաժողովը առաջարկած է 770ամեակը նշել նոյն այդ օրը։ «Առաջարկում ենք այդ օրը մեծ շուքով բազմաթիւ միջոցառումներով, խաղերով Հայաստանում եւ ԼՂՀում նշել Գանձասարի 770ամեակը, սակայն դրանով չսահմանափակուել եւ միջոցառումներ իրականացնել նաեւ յաջորդող օրերին», յայտնած է Ժ. Ասրեան եւ աւելցուցած, թէ նոյն առիթով կը նախատեսուի պատրաստել շարժապատկերներ, հեռարձակել հաղորդումներ, իրականացնել միջազգային գիտաժողով, հրատարակել ալպոմ, ստեղծել դրոշմանիշ եւ այլն:
Սփիւռքի ենթայանձնաժողովի նախագահ Արտակ Շաքարեան, իր կարգին, ներկայացուցած է իրենց կատարած աշխատանքները եւ սփիւռքահայերուն խնդիրները: Ըստ իրեն, Հայաստանի մէջ ապրող սփիւռքահայերու իրաւունքներուն պաշտպանութեան առումով կան շատ ընելիքներ, որոնց համար անհրաժեշտ է սփիւռքահայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան կեդրոնի մը գոյացումը: «Այս տարբերակով սփիւռքահայերը հնարաւորութիւն կ՛ունենան ցանկացած պահի ստանալ իրենց յուզող հարցերի պատասխանները: Մենք պատրաստւում ենք կապեր հաստատել սփիւռքահայ կառոյցների հետ եւ քոնքրեթ (յստակ) հարցերի շուրջ աքթիւ (աշխոյժ) համագործակցել», յայտնած է Ա. Շաքարեանը: Ըստ անոր, պէտք է աջակցիլ նաեւ այն սփիւռքահայերուն, որոնք կ՛ուզեն ներդրում կատարել Հայաստանի մէջ՝ անոնց անհրաժեշտ տեղեկութիւն փոխանցելով իրենց իրաւունքներուն, պետական կառոյցներուն եւ այլ հարցերու մասին: Ենթայանձնաժողովի նախագահը նաեւ տեղեկացուցած է, թէ այդ նպատակով, սփիւռքի նախարարութիւնը կը պատրաստուի հրատարակելու Հայաստանի մէջ ներդրում կատարողներու համար նախատեսուած ուղեցոյցներ:
Հանրային խորհուրդի անդամ, «Եւրոպական ինտեգրացիա» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Կարէն Բեքարեան, իր կարգին, ներկայացուցած է քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ՝ ազգային ծրագիր ստեղծելու հարցը: Անոր կարծիքով, ազգային ծրագիրը՝ Արեւելեան գործընկերութեան ծիրէն ներս, կրնայ դառնալ Եւրոմիութեան եւ Հայաստանի միջեւ այսօրուան համագործակցութեան գործընկերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.