ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Ինթերնեթհապեր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ատըյաման համալսարանի արուեստի պատմութեան դասախօս Շեֆքաթ Ֆըրաթ, պատմութեան դասախօսութեան ընթացքին նշած է, որ դարասկիզբին ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է եւ Թուրքիոյ մէջ կոտորուած են 800 հազար հայեր։ Ուսանողներէն ոմանք համաձայն չեն գտնուած դասախօսի արտայայտութեան եւ ի նշան բողոքի՝ համալսարանի բակին մէջ հաւաք կազմակերպած են՝ պահանջելով, որ համալսարանի ղեկավարութիւնը յիշեալ դասախօսին դէմ քայլերու դիմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.