ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, Մարտ 10ին, Մեծ պահոց ճիշդ կիսուն՝ Միջինքին, Արամ Ա. կաթողիկոս, Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանին եւ Ազգային իշխանութեան հրաւէրով, հանդիսապետեց Պէյրութի Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուող Արեւագալի ժամերգութեան։ Ներկայ էին միաբան հայրեր, դպրեվանքի սաներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ, որոնք Պէյրութի զանազան շրջաններէն գալով՝ լեցուցած էին առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցին եւ անոր շրջափակը։
Արեւագալի Ժամերգութեան աւարտին, թեմակալ առաջնորդ Գեղամ սրբազանը, յանուն թեմի Ազգ. իշխանութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն, եւ յանուն հաւատացեալ բազմութեան, բարի գալստեան խօսք ուղղեց վեհափառին, օրհնաբեր այս այցելութեան առիթով։
Կաթողիկոսը, իր կարգին, բարձրօրէն գնահատեց առաջնորդ սրբազանը, Ազգ. իշխանութեան զոյգ ժողովները եւ թեմական բոլոր կառոյցները, որոնք եկեղեցւոյ կեանքը վառ պահող նուիրեալներուն՝ հոգեւոր հայրերուն հետ, կը կազմակերպեն թեմի ժողովուրդին ազգային եկեղեցական կեանքը:
Հայրապետը իր պատգամին ընթացքին Քառասնորդաց պահեցողութեան ճշգրիտ իմաստն ու քրիստոնեայ հաւատացեալին կեանքին վրայ ունեցած ազդեցութիւնը վերլուծելով՝ զայն ներկայացուց իբրեւ վերադարձ մը առ Աստուած: Կեանքի տարբեր պայմաններու մէջ ապրող մարդիկ, իրենց առօրեայ զբաղումներուն բերումով, յաճախ ակամայ հեռաւորութիւն մը կը զգան Աստուծմէ: Սակայն, պահեցողութիւնը, յայտնեց կաթողիկոսը, առիթ մըն է անկիւնադարձ կատարելու: Հոգեւոր անկիւնադարձ մըն է Պահքը, որուն բարիքները միայն ֆիզիքական առողջութեան հետեւանքով պէտք չէ զգայ մարդ, այլ մանաւանդ հոգեկան առողջութեամբ, որուն ամէնէն ցայտուն արտայայտութիւնը պիտի ըլլայ մարդուն վերադարձը առ Աստուած: Վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ հայ հոգեւորականին աստուածապարգեւ առաքելութեան: Այս ծիրէն ներս, ան լայնօրէն անդրադարձաւ հայ հոգեւորականին կատարած ու կատարելիք հոգեւոր մատակարարի դերակատարութեան:
Հայրապետական պատգամէն ետք հաւաքաբար երգուեցան «ՏԷր Ողորմեա»ն ու «Հայր Մեր»ը՝ ժողովուրդին մասնակցութեամբ։