ՊԵՐԼԻՆ.- Ներկայութեամբ Գերմանիոյ քաղաքական գործիչներու, դիւանագէտներու եւ գերմանահայ համայնքի ներկայացուցիչներու, վերջերս Պերլինի Գերմանիոյ պատմական թանգարանի շարժապատկերի սրահին մէջ ցուցադրուած է «Մոխիրն ու Փիւնիկը» վաւերագրական շարժապատկերը, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան:
Շարժապատկերի ցուցադրումէն ետք ելոյթներով հանդէս եկած են Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մարտիրոսեանն ու շարժապատկերի բեմադրիչ Սոլախանը:
Նշենք, որ «Մոխիրն ու Փիւնիկը» նկարահանուած է յայտնի հրապարակախօս եւ գիտնական Եոհաննէս Լեփսիուսի ծննդեան 150ամեակին առթիւ, «Blankfilm» ընկերութեան կողմէ՝ Գերմանական հանրապետական մշակութային հիմնադրամի նիւթական աջակցութեամբ: