ՊԵՐԼԻՆ, «Ազատութիւն».- Երկուշաբթի օր, Պերլին կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտարարած է, թէ «Այսօր Թուրքիայի կողմից հնչող անհիմն պնդումները, թէ՝ ԱՄՆի Ներկայացուցիչների պալատում, Շուէդիայի խորհրդարանում կամ այլուր քննարկուող եւ ընդունուող Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւերը կարող են իբրեւ թէ վնաս հասցնել հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացին, ընդամէնը շղարշ են»:
Գերմանիոյ Արտաքին քաղաքականութեան խորհուրդին առջեւ ծաւալուն ելոյթ ունենալով Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մասին՝ Նալբանդեան ըսած է նաեւ, թէ «Իրականում հէնց Թուրքիան ջանք չի խնայում նախապայմաններ առաջադրելու, կարգաւորման ճանապարհին դժուարութիւններ եւ խոչընդոտներ ստեղծելու համար՝ դրանով իսկ հարցականի տակ դնելով ողջամիտ ժամկէտներ հասկացութեան անգամ իմաստը»:
Հայաստանի արտգործնախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան հաղորդած լուրին համաձայն, Էդուարդ Նալբանդեան յոյս յայտնած է, որ «Թուրքիան կը գիտակցի իր ներկայիս գործելաոճի հետեւանքների պատասխանատուութեան ծանրութիւնը, եւ յուսախաբ չի անի միջազգային հանրութեանը»:
Նոյն օրը Գերմանիոյ փոխվարչապետ, արտգործնախարար Քիթօ Վեստերուելէի հետ հանդիպման ընթացքին, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին առնչութեամբ՝ Նալբանդեան նշած է. «Եթէ Թուրքիան իրականում ցանկանում է այս գործընթացի շարունակութիւնը եւ յաջողութիւնը, ապա պէտք է զերծ մնայ նախապայմանների լեզուով խօսելուց, ձգձգման արհեստական պատրուակներ փնտռելուց, եւ գոնգրետ քայլեր ձեռնարկի արձանագրութիւնների վաւերացման եւ իրականացման համար»:
Նալբանդեան հաւաստած է, թէ Հայաստան հետամուտ է իր նախաձեռնութեամբ սկսած գործընթացի առաջընթացին, եւ նոյնը կ՛ակնկալէ Թուրքիայէն: