ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան նախքան Բրիտանիա մեկնիլը, օդակայանին մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պատասխանելով թուրք լրագրողներու այն հարցումին, թէ՝ «Արդեօ՞ք թիւ 252 բանաձեւի ընդունումէն ետք չեղեալ պիտի յայտարարուի ձեր Միացեալ Նահանգներ ծրագրուած այցելութիւնը»՝ պատասխանած է. «Միացեալ Նահանգներու կողմէ հրաւէր կայ, սակայն Միացեալ Նահանգներ այցելութիւն ծրագրուած չէ»:
«Նախարարներու խորհուրդի նիստէն ետք նոյն հարցումը տուիք պետական նախարար եւ փոխվարչապետ Ճեմլի Չիչեքին։ Ան պատշաճ կերպով պատասխանեց, եւ հիմա իմ պատասխանս որեւէ կերպ չի տարբերիր։ Մենք ներկայ պահուս Միացեալ Նահանգներ որեւէ այցելութիւն չենք ծրագրած. կայ միայն հրաւէր», յայտարարած է Էրտողան։
Նշենք, որ նախքան թիւ 252 բանաձեւին որդեգրումը կը հաղորդուէր, թէ Էրտողան Ապրիլ 12ին պիտի մեկնի Ուաշինկթըն։ Նաեւ հաղորդուած էր, թէ վարչապետին այցելութիւնը նախապատրաստելու համար, Ուաշինկթըն մեկնած էր Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերտուն Սինիրլիօղլու։
Նշենք նաեւ, որ Շուէտի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրումէն ետք, Էրտողան ջնջեց Սթոքհոլմ նախատեսուած իր այցելութիւնը։
Միւս կողմէ, թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Անգարա Ուաշինկթընի մօտ իր դեսպան Նամըք Թանը վերստին ուղարկելու համար, Միացեալ Նահանգներէն գրաւոր երաշխիքներ կը պահանջէ։ Օրաթերթը, վկայակոչելով անանուն դիւանագիտական աղբիւրներ՝ կը տեղեկացնէ, թէ Անգարա Ուաշինկթընէն կը պահանջէ գրաւոր երաշխիքներ, որոնք կը հաստատեն, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւը պիտի չընդգրկուի Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստի օրակարգին վրայ։