ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երկուշաբթի, Մարտ 8ին, Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատան եւ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշ ներկայացուց ներկայիս պոլսահայութեան պարզած վիճակը, եւ թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ Թուրքիոյ մէջ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Արեգ Տագեսեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց «Հայկազեան» համալսարանին՝ Քոփթաշի հետ այս հանդիպումը հիւրընկալելուն համար, ապա նշեց, որ ներկայ ձեռնարկը առիթ մըն է աւելի լաւ ձեւով ծանօթանալու պոլսահայ գաղութին։
Ռոպեր Քոփթաշ իր խօսքին առաջին բաժինով ներկայացուց իր հակիրճ կենսագրականը, ապա անդրադարձաւ պոլսահայ գաղութին՝ յայտնելով, որ գաղութը դժուար ու խիստ պայմաններու տակ կ՛ապրի։
1920ական թուականներուն գաղութը կը հաշուէր շուրջ 150 հազար հայ, իսկ այժմ գաղթի պատճառով, այդ թիւը նուազած է 50էն 60 հազարի։ Շարունակելով ան ըսաւ, թէ 1930ական թուականներուն Մուսթաֆա Քեմալի օրերուն մականուններու վերաբերեալ օրէնքին պատճառով բազմաթիւ հայեր ստիպուած եղած են փոխելու իրենց մականունը։
Ինչ կը վերաբերի այսօրուան վիճակին, Քոփթաշ ըսաւ, թէ բաղդատմամբ 20-30 տարի առաջուան վիճակին, այժմ որոշ չափով բարելաւում արձանագրուած է, սակայն այլ հարցեր կը յամենան։ Ինչպէս այլ գաղութներու մէջ, պոլսահայ գաղութն ալ ունենալով իր դժուարութիւնները՝ ճիգ չի խնայեր պահպանելու հայոց լեզուն ու մշակոյթը։ Գաղութը ունի 33 առաքելական, 5 կաթողիկէ եւ 1 կամ 2 աւետարանական եկեղեցի, 18 դպրոց, որոնք կը շարունակեն գոյատեւել դժուար պայմաններու մէջ։ Դպրոցներուն մէջ կը կիրարկուին պետութեան կողմէ մշակուած ուսումնական ծրագիրներ. աշակերտները կը սորվին հայոց լեզու, սակայն ոչ՝ հայոց պատմութիւն։ Այդ դպրոցներուն տնօրէնները թէեւ հայեր են, սակայն անոնց կողքին պետութիւնը կը նշանակէ փոխտնօրէններ, որոնք անոր «աչքն ու ականջն» են։ Ներկայիս այդ կացութիւնը բարելաւուած է Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթին պատճառով։
Ռոպեր Քոփթաշ յայտնեց նաեւ, որ եկեղեցիներն ու դպրոցները ոտքի պահողները գաղութի հիմնարկներն են, ինչպէս նաեւ սանուց միութիւնները, որոնց գոյութիւնը արտօնուեցաւ 1946էն ետք, եւ այս միութիւններուն ճամբով գաղութը կը կազմակերպէ իր ձեռնարկները։
Անդրադառնալով մամուլի վիճակին՝ Քոփթաշ նշեց Թուրքիոյ ամէնէն հին օրաթերթը՝ «Ժամանակ»ը՝ հիմնուած Գոչունեան ընտանիքին կողմէ, նաեւ «Մարմարա»ն եւ «Ակօս»ը. վերջինս կը հրատարակուի քսան էջ թրքերէնով, չորս էջ ալ հայերէնով։ Անդրադառնալով «Ակօս»ին՝ Քոփթաշ շեշտեց, որ «Ակօս»ի միջոցով թրքախօս հայեր, որոնք նախապէս իրենք զիրենք գաղութէն դուրս կը զգային, միացան գաղութին եւ սկսան գրելու, կարդալու եւ ազգային կառոյցներուն մէջ պաշտօններ ստանձնելու։
Ան յայտնեց, որ «Ակօս»ի մէկ այլ յատկութիւնը այն է, որ թուրք այլախոհներ սկսան անոր ճամբով ծանօթանալ հայութեան եւ աւելի լաւ հասկնալ վերջինիս դիմագրաւած դժուարութիւնները։ «Ակօս»ն ու Հրանդ Տինքը թերթին շուրջ հաւաքեցին այն թուրք մտաւորականները, որոնք կ՛ուզէին աւելի ժողովրդավար Թուրքիա մը տեսնել։
Վերջապէս Քոփթաշ ընդգծեց, որ Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ձգտումէն ծնունդ առած է այլ բարիք մը՝ հայեր սկսած են ստեղծել հայրենակցական միութիւններ։ Կան նաեւ երիտասարդական միութիւններ, որոնք կը զբաղին մշակութային գործերով։
Անդրադառնալով քաղաքական կացութեան՝ Քոփթաշ ըսաւ, թէ երբ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը 2002ին հասաւ իշխանութեան, հայերու եւ թուրքերու մօտ մտավախութիւն ստեղծուեցաւ, նկատի ունենալով, որ իշխանութեան հասնող կուսակցութիւնը ունի իսլամական թեքում։ Սակայն ժամանակի ընթացքին այդ մտավախութիւնը փարատեցաւ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.