Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը հաղորդագրութեամբ մը ողջունած է Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 252 բանաձեւին վաւերացումը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով յանձնախումբի ատենապետ Հաուըրտ Պըրմընին, որ դէմ դրաւ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու նպատակով Թուրքիոյ եւ Օպամայի վարչակարգին կողմէ բանեցուած ճնշումներուն:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ բանաձեւին վաւերացումը ցոյց կու տայ, թէ Թուրքիոյ կողմէ ծախսուած միլիոնաւոր տոլարները եւ սպառնալիքները բաւարար չեղան Ցեղասպանութիւնը ուրանալու քաղաքականութիւնը ամերիկացիներուն վրայ պարտադրելու համար:
ՀԵԴն նաեւ կոչ կ՛ընէ հայ համայնքի անդամներուն, որ Ներկայացուցիչներու տան ու Ծերակոյտի մէջ իրենց ներկայացուցիչներուն հետ կապ հաստատելով՝ գործօն մասնակցութիւն բերեն Ցեղասպանութեան բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին հասցնելու, եւ զայն Ծերակոյտին մէջ եւս քննել տալու պայքարին, այցելելով այդ նպատակին համար Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հաստատած համացանցային կայքէջը՝ anca.org/endthegagrule հասցէն: